ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած ներկայ ծանր մթնոլորտին մէջ զրուցեցին երկու ղեկավարները, որոնք ընդգծեցին միասնական շարժման կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը։ Երկու ղեկավարները համակարծիք գտնուեցան, թէ համաճարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարը յաջողութեամբ կրնայ պսակուիլ միայն համաշխարհային զօրակցութեան եւ համագործակցութեան շնորհիւ։ Էրտողան եւ Թրամփ որոշեցին շարունակել փորձառութեան փոխանակումը եւ միասնական քայլերով ընթանալը։ Նախագահները կարեւորութեամբ կանգ առին համաճարակի զանազան հետեւանքները հակակշռի տակ առնելու անհրաժեշտութեան վրայ։

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԻՃԱԿ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկութիւններ փոխանցեց վիճակագրական վերջին տուեալներուն շուրջ։ Երէկ 46 հոգի եւս մահացաւ համաճարակի հետեւանքով։ Այսպէսով Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի զոհերու թիւը բարձրացաւ 214-ի։ Նոյնպէս երէկ 15 հազար 422 նոր քննութիւն կատարուեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Նմուշառումներու հիման վրայ յայտնաբերուեցաւ 2 հազար 704 նոր վարակեալ։ Այսպէսով երկրի մէջ վարակեալներու ընդհանուր թիւը բարձրացաւ 13 հազար 531-ի։ Ներկայիս 847 հոգի խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ։ Արհեստական շնչառութեան սարքի կապուած է 622 հիւանդ։ Բուժուած վարակեալներու թիւն ալ բարձրացաւ 243-ի։

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ քննութիւններու թիւը օր մը առաջուան բաղդատմամբ բարձրացած է 25.2 տոկոսով։ Թուրքիոյ մէջ քննութիւններու կատարուած կեդրոններու թիւն ալ դարձած է 75։ Առողջապահական համակարգը այսպէսով կարելիութիւն կ՚ունենայ աւելի արագ գործելու, ինչ որ կ՚ապահովէ առաւելութիւններ։ Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ ընկերային մեկուսացումէ բացարձակապէս պէտք չէ զիջիլ։ «Խնդրեմ մի՛ մոռնաք, շփումը ռիսք է», ըսաւ նախարարը։ Նախորդող օրերուն վարակեալներու վերաբերեալ վիճակագրութիւնները որոշ չափով լաւատեսութեան ազդանշանները տուած էին, սակայն երէկ հրապարակուած արդիւնքները ցոյց տուին, թէ վարակումները վերստին թափ կը հաւաքեն։ Ուստի, կը շարունակուին ամբողջ երկրին ուղղեալ կոչերը՝ խստիւ հնազանդելու համար մեկուսացման պայմաններուն։

Մեկնաբաններ կ՚ընդգծեն, որ եթէ վիճակագրական տուեալներու մէջ յառաջիկայ երկու-երեք օրերուն վարակեալներու թիւի բարձրացումը հնարաւոր ըլլայ որոշ չափով կասեցնել, ապա գետին պիտի ստեղծուի յուսադրուելու համար, թէ վարակը կառավարելի հունի մը մէջ մտցուած է։ Այս ուղղութեամբ մեծ պատասխանատուութիւն կը վիճակի ժողովուրդին, որ պէտք է հնազանդի մեկուսացման պայմաններուն։ 

ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողանի կոչով ամբողջ Թուրքիոյ մէջ սկսած «Մենք մեզի կը բաւենք» խորագրեալ նուիրահաւաքման արշաւը կ՚արձանագրէ մեծ յաջողութիւն։ Տեղական մամուլը կը հաղորդէ, որ առաջին իսկ քայլափոխին արդէն հանգանակուած է լուրջ գումար մը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020