ԱՐՑԱԽԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի այցելել Արցախ։ Նախագահ Էրտողան երէկ տեղեկացուց, որ Իսլամաց մօտալուտ Ռամազանի տօնէն վերջ պիտի մեկնի Շուշի։

Էրտողան երէկ տեսաուղերձով մը մասնակցութիւն բերաւ Թրքական խորհուրդի Թրքաստանի անպաշտօն գագաթաժողովին։ Այս առթիւ ան յիշեցուց, որ 44 օր տեւած պատերազմի մը աւարտին Ատրպէյճան յաղթանակ տանելով վերստին տիրացած է Լեռնային Ղարաբաղին եւ ինք կը պատրաստուի այցելել անոր ամենակարեւոր քաղաքը՝ Շուշին։ Միեւնոյն ժամանակ, Էրտողան թրքախօս երկիրներու ղեկավարներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի զօրակցին Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան։

Թրքական խորհուրդի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն խօսք ուղղելու ժամանակ Էրտողան նախագահ Իլհամ Ալիեւի անձին մէջ հերթական անգամ Ատրպէյճանը շնորհաւորեց Լեռնային Ղարաբաղի յաղթանակին համար։ Հարկ է նշել, որ երէկուան առցանց գագաթաժողովի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Իլհամ Ալիեւ։ Էրտողանի խօսքով՝ դիւցազնային պայքարով մը վերջ տրուած է երեսուն տարուայ բռնագրաւման։ Լեռնային Ղարաբաղ դարձեալ մայր հայրենիքին միացած է։ Տեսաուղերձին մէջ Էրտողան յիշեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանէն ներս 67 մզկիթէ 63-ը փուլ եկած է։ Ասոր առընթեր եկեղեցիներ ալ վնասուած են։ Ան խօսեցաւ նաեւ 1918 թուականին Ատրպէյճանի դէմ կատարուած ջարդերուն մասին եւ աւելցուց, որ երբեք կարելի չէ անտեսել նաեւ Խոճալուի դէպքերը։

Էրտողան ելոյթին մէջ Կիպրոսի թուրքերը որակեց թրքախօս աշխարհի անբաժանելի տարրը։ Անոնք տարիներէ ի վեր անարդարութիւններու եւ շրջափակումներու կ՚ենթարկուին։ Ուստի, նախագահը կոչ ուղղեց, որպէսզի անհրաժեշտ օժանդակութիւնը չզլացուի կիպրացի թուրքերէն։ «Համոզուած եմ, թէ կիպրացի թուրքերը զօրակցութիւնով պիտի բարձրացնեն իրենց արժանի դիրքին», ըսաւ Էրտողան։

Ելոյթին մէջ նախագահը մասնաւորապէս ընդգծեց, որ թրքախօս աշխարհէ ներս մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ հաղորդակցութեան ու փոխադրութեան համակցուած հնարաւորութիւններու զարգացումը։ Կասպից ծովը հատելով, նաեւ արեւելք, արեւմուտք, կեդրոնական միջանցքներու վրայով դէպի Եւրոպա անարգել հասանելիութիւնը պիտի բարձրացնէ թրքախօս երկիրներու ռազմավարական արժէքը եւ զանոնք պիտի դարձնէ աւելի բարգաւաճ։ Ըստ Էրտողանի, Թրքական խորհուրդէն ներս այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքները պէտք է թափ ստանան։ Միջազգային համակցուած բեռնափոխադրութեան համաձայնութիւնը աւարտին հասցնելու առաջադրութեամբ բանակցութիւններու արագացումը օգտակար կը համարուի։

ԱԼԻԵՒԻ ԽՕՍՔԵՐԸ

Երէկուան անպաշտօն գագաթաժողովի ժամանակ Իլհամ Ալիեւն ալ զերոյական որակեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ կատարուած աշխատանքը։ Ըստ իրեն, 1992 թուականին Մինսքեան խմբակը ստեղծուած էր Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծելու համար։ 28 տարի շարունակ ան աշխատեցաւ ապարդիւն։ Ալիեւի խօսքով՝ եթէ լուրջ ճնշումներ գործադրուէր Հայաստանի վրայ եւ Ատրպէյճանի պահանջները նկատի առնելով պատժամիջոցներ կիրառուէին, ապա հարցը վաղուց խաղաղ ճանապարհով լուծուած կրնար ըլլալ։ Բայց եւ այնպէս, Ալիեւ նշեց, որ սա տեղի չէ ունեցած եւ քայլեր ձեռնարկուած են հակառակ ուղղութեամբ՝ խնդիրը սառեցնելու նպատակով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021