ԲԱՐՁՐ ՎԱՐԿԱՆԻՇ

Հայաստանի մէջ ներկայիս ամենաբարձր վարկանիշով գործիչն է Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան՝ ըստ հարցախոյզներու արդիւնքի։ «GALLUP»ի կողմէ կատարուած հարցախոյզի հիման վրայ յայտարարուեցաւ, որ Արման Թաթոյեան ամենաբարձր գնահատականին արժանացած է։ Անոր կը հետեւին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ Արմէն Սարգսեան, նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի կուսակցապետ Գագիկ Ծառուկեան, «Լուսաւոր Հայաստան»ի կուսակցապետ Էտմոն Մարուքեան, նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան, Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Իշխան Սաղաթելեան, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի վարչապետի թեկնածու Վազգէն Մանուկեան եւ «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան։

26-29 մարտի շրջանին հեռախօսազրոյցներու միջոցաւ, 801 անձի մասնակցութեամբ կազմակերպուած է այս հարցախոյզը։

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան վերջին շրջանին հետամուտ է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման խնդրայարոյց գործընթացին եւ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ սահմանամերձ շրջաններու բնակչութեան դէմ ոտնձգութիւնները օրակարգի վրայ կը բերեն համոզիչ եւ անհերքելի ապացոյցները։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021