ԶԱՐՄԱՆԱԼԻՕՐԷՆ ԿՐԱՒՈՐԱԿԱՆ

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» հեղինակաւոր օրաթերթը վերջին շրջանին յաճախ կ՚անդրադառնայ Հայաստանի մէջ ստեղծուած կացութեան։ «Բաւական է տալ Նիկոլ Փաշինեանի անունը, որպէսզի նախապէս իրեն աջակցած ու սատարած քաղաքացիներու դէմքը ծամածռուի», գրած է թերթը։ Յօդուածի հեղինակ Ֆաուստեն Վենսան Նիկոլ Փաշինեանը որակած է «Թաւշեայ յեղափոխութեան» երէկուայ հերոսը։ Ըստ յօդուածագրին, ան 2018 թուականին խաղաղութեամբ եկած էր իշխանութեան գլուխ, որպէսզի վտարէ քաղաքական նախորդ վերնախաւը։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր պարտութենէն յետոյ, յաչս սեփական քաղաքացիներուն այժմ ան դարձած է նուաստացած ու պարտուած Հայաստանի խորհրդանշանը։ Հեղինակը կը մատնանշէ, որ ժողովուրդը զինքը չի ներեր 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի համաձայնագիրը ստորագրած ըլլալու համար, որովհետեւ Հայաստան տարածքային եւ մարդկային զգալի կորուստներ ունեցած է։ «Լը Մոնտ» տեղ տուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կուսակցութենէն դուրս եկած գործիչի մը խօսքերուն. «Նիկոլ Փաշինեան երկիրը կը ղեկավարէ օրաթերթի մը խմբագրութիւնը կառավարելու նման, բայց որեւէ հէնք չունի»։

Այս յօդուածէն կարճ ժամանակ առաջ ալ ֆրանսական հեղինակաւոր օրաթերթը տեղ տուած էր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման խնդրայարոյց գործընթացի ծանր հետեւանքներուն՝ մանաւանդ Շուռնուխի կացութեան։ Ֆրանսական թերթը գրած էր, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայ վտանգաւոր իրավիճակին մէջ զարմանալի կրաւորականութիւն կը ցուցաբերէ, երբ Ատրպէյճան գործնականօրէն ինքնուրոյն կը գծէ սահմանը։

«Լը Մոնտ»ի անդրադարձներուն առընթեր, անգլիացի վերլուծաբան Նէյլ Մաքֆարլէյն «www.tert.am» կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Արեւմուտքը համարեա որեւէ դեր չէ խաղացած Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմին մէջ։  Ան նոյն կարծիքը ունի նաեւ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի հետեւանքներէն մին Հայաստանի իշխանութեան թուլացումն է։ Սա կը սահմանափակէ անոր բանակցելու կարողութիւնը։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021