ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԿՈՉ

Արցախահայութեան առկայ մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական խնդիրներու դիմագրաւման ուղղութեամբ Երեւանի ղեկավարութիւնը հանդէս կու գայ նախաձեռնութիւնով մը ու կը ջանայ ապահովել միջազգային գործընկերներու ներգրաւումը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին ազդարարուեցաւ այս մարդասիրական կոչը։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներ ունեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան եւ Աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարար Մեսրոպ Առաքելեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին Արա Այվազեան նշեց, որ աշխարհի վրայ յաճախակի դարձած հակամարտութիւններու մասին խօսելու ժամանակ առաջին հերթին ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի ընդամէնը վիճակագրութեան ու թիւերու նկատմամբ՝ մոռացութեան մատնելով մարդը։ Ան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրադրութեան, արցախահայութեան ընկերատնտեսական կարիքներուն եւ անոնց դիմագրաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։ Արա Այվազեան ընդգծեց, որ մարդասիրական հասանելիութեան հարցը, դժբախտաբար, շարուանակաբար կը քաղաքականացուի Ատրպէյճանի կողմէ։ Որպէս հետեւանք՝ պատերազմին վերջ տուած հրադադարէն հինգ ամիս անց, այսօր ՄԱԿ-ի կառոյցները չեն յաջողիր իրականացնել իրենց առաքելութիւնը Արցախի մէջ։

«Ցաւօք սրտի, հակամարտութիւնները եզակի երեւոյթ չեն աշխարհի վրայ։ Սակայն եզակի երեւոյթ է, երբ միջազգային հանրութիւնը՝ ներառեալ ՄԱԿ-ը, հնարաւորութիւն չունի տեղւոյն վրայ աջակցութիւն ցուցաբերելու հակամարտութենէն տուժած մարդոց։ Այժմ իրավիճակը այսպէս է Արցախի մէջ։ Հակառակ մեր բոլոր ջանքերուն եւ առաջարկներուն, միջազգային օգնութիւնը տակաւին ամբողջ ծաւալով հասանելի չէ արցախահայութեան։ Այս համատեսքին մէջ կ՚ուզեմ շատ յստակ յայտարարել, որ մեզի համար այս իրավիճակը այլեւս ընդունելի չէ։ Մարդասիրական այս հարցի որեւէ քաղաքական շահարկում պէտք է յստակ արձագանգ գտնէ մեր միջազգային գործընկերներուն կողմէ։ Արցախ վերադարձած մեր հայրենակիցները պէտք չէ զրկուած ըլլան միջազգային մարդասիրական օգնութենէ, համընդհանուր մարդու իրաւունքներէ։ Բնակութեան տարածքի կարգավիճակով պայմանաւորուած որեւէ իրաւունքի օտարում միջազգային իրաւունքի՝ ներառեալ մարդասիրական իրաւունքի չափանիշներու եւ սկզբունքներու խախտում է։ Կոչ կ՚ուղղենք մեր գործընկերներուն անյապաղ քայլերու ձեռնարկել եւ համապատասխան ճկունութիւն դրսեւորել՝ մարդասիրական ծրագիրները առաւել հասանելի դարձնելու բոլոր տուժածներուն համար, առանց որեւէ խտրականութեան կամ այդ մարդոց արժանապատուութիւնը անտեսելու», յայտնեց Արա Այվազեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021