ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆ

Հայաստանի Բարձր փորձագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, որով տեղեկացուց, թէ վերջին աշխատանքային օրն էր։ «Որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի՝ անընդունելի կը համարեմ պաշտօնեայի մը կողմէ ոեւէ քաղաքացիի դէմ բռնութեան կիրառումը։ Մենք պարտաւոր ենք շարժիլ առանց բռնութեան հասարակութիւն մը ունենալու ճանապարհով», նշած է Արշակեան այդ գրառման մէջ։

Վերջին շրջանին Յակոբ Արշակեանի անունը նոյնացած էր աղմկայարոյց գայթակղութիւններով։ Շուրջ երկու շաբաթ առաջ ան հարուածած էր կայքէջի մը խմբագիրը։ Դէպքէն յետոյ նախարարը ներողութիւն խնդրած էր՝ մինչ լրագրական կազմակերպութիւնները պահանջած էին իր հրաժարականը։ Աղմակայարոյց ուրիշ դէպք մըն ալ պատահած էր Ապու Տապիի մէջ կազմակերպուած ռազմաարդիւնաբերական միջազգային ցուցահանդէսի մը ժամանակ։ Պետական պիւտճէէն 23 միլիոն դրամի յատկացումով նախաձեռնուած Հայաստանի տաղաւարը մնացած էր առանց ցուցանմոյշներու։ Նախարարութիւնը ծառայողական քննութիւն իրականացուցած էր եւ աւելի քան ամիս մը տեւած աշխատանքներէն վերջ երկու աշխատակցի նկատողութիւն տրուած էր, իսկ մէկ հատին ալ՝ խիստ նկատողութիւն։

Այս բոլոր իրադարձութիւնները արդէն անշրջադարձելի հունի մը մէջ դրած էին Յակոբ Արշակեանի պաշտօնավարութիւնը՝ որպէս նախարար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021