ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՐՇԱՒ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ 3-2 արդիւնքով յաղթանակ տօնեց Ռումանիոյ դիմաց։ 2022 թուականին նախատեսուած Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի հանդիպումներու ծիրէն ներս, Եւրոպայի գօտիի «J» խմբաւորման հանդիպումներու շարքին տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ռումանիա երէկուան խաղը։ «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ հայկական ընտրանին դժուար պայքարէ մը վերջ առաւելութեան հասաւ մրցակցին դիմաց։ Աւագ մարզիչ Խոաքին Քափարոսի սաները ներկայիս կը գլխաւորեն աղիւսակը։ Հայկական ընտրանին առաջին հորիզոնականի վրայ կը գտնուի 9 միաւորով։ Այս խմբաւորման հզօրագոյն խումբը Գերմանիան է։ Յամենայնդէպս, գերմանական ընտրանին երէկ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Հիւսիսային Մակեդոնիայի դիմաց եւ այսպէսով Հայաստան դարձաւ «J» խմբաւորման միանձնեայ յառաջատարը։

Երէկուան Հայաստան-Ռումանիա հանդիպումը բարդ մրցապայքարի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Առաջին խաղակէսին հաշիւը չբացուեցաւ։ Երկրորդ խաղակէսին ֆութպոլասէրները ականատես եղան 5 կոլի։ 56-րդ վայրկեանին Հայաստանի առաջին կոլը արձանագրեց Էտուարտ Սպերցեան, որ փոխարինման դուրս եկած էր։ 19-ամեայ Էտուարտ Սպերցեան, որ առաջին անգամ հայկական հաւաքականի մարզաշապիկը կը կրէր, արդէն բացաւ հաշիւը։ 1-0 առաւելութեան հասնելէ վերջ հայկական հաւաքականին մօտ նկատուեցաւ որոշ թուլութիւն։ 62-րդ վայրկեանին հաշիւը հաւասարեցաւ։ 10 վայրկեան անց Ռումանիոյ խումբը հաշիւին մէջ 2-1 առաջ անցաւ։ Ռումանական ընտրանիի 10 վայրկեանի մէջ երկու կոլերն ալ արձանագրուեցան Ալեքսանտրու Չիքալտաուի կողմէ։ Հայկական ընտրանիի դարպասին մէջ յայտնուած այս երկու գնդակները թէեւ սառը ցնցուղի ազդեցութիւն գործեցին, սակայն դիմադրութիւնը շուտով վերականգնուեցաւ։ 78-րդ վայրկեանին բեկումնային իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ, երբ իրաւարարը կարմիր քարտով մարզադաշտէն հեռացուց Կէորկէ Փուշքաշը։ Ռումանիան մրցման վերջին վայրկեանները տասն հոգիով պայքարեցաւ եւ այդ ճակատագրական պահերը շատ լաւ արժեւորուեցան հայկական ընտրանիին կողմէ։ 87-րդ վայրկեանին Վարազդատ Հարոյեան հաւասարեցուց հաշիւը, իսկ 89-րդ վայրկեանին Տիգրան Բարսեղեան արձանագրեց յաղթանակի կոլը։ Այսպէսով Հայաստան փայլուն յաղթանակ մը տօնեց, ինչ որ մեծ ուրախութիւն եւ ոգեւորութիւն յառաջացուց հայ ֆութպոլասէրներու մօտ։

ՖԻՖԱ-ն ալ արձագանգեց Հայաստանի ազգային խումբի փայլուն յաղթարշաւին։ Արդարեւ, հայկական հաւաքականը պատմութեան մէջ առաջին անգամ անընդմէջ չորրորդ յաղթանակը տարաւ։ Հայկական ընտրանին վերջին ութ խաղերուն արդէն չէ պարտը-ւած։ Այս վիճակագրութիւնները կը մատնանշեն հայկական ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն արդիւնքները։ Համաշխարհային ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի այս առաջին երեք խաղերուն ապահովուած յաղթանակները արդէն յառաջատար դիրքի վրայ բերած են հայկական ընտրանին։

Որակաւորման փուլի հանդիպումները պիտի շարունակուին յառաջիկայ աշնան։ Մրցապայքարի չորրորդ փուլին՝ սեպտեմբերի 2-ին Հայաստան պիտի հիւրընկալուի Հիւսիսային Մակեդոնիայի կողմէ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021