ԱՅԺՄՈՒ ԸՆԹԱՑՔԸ ԴՐԱԿԱՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հերթական անգամ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Հեռուստակայանի մը տուած հարցազրոյցին ընթացքին իրեն հարց տրուեցաւ հետեւեալը. «Հայ-թրքական մերձեցումը քիչ մը շուքի տակ մնաց, մինչդեռ Անթալիա եկած էր նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։ Այս պահուն ի՞նչ կէտի հասած են հայ-թրքական յարաբերութիւնները։ Ինչե՞ր են այն քայլերը, որոնք առնուած են վերջին ամիսներուն եւ կ՚ակնկալուի, որ առնուին ապագային։ Օրինակ՝ օրակարգի վրա՞յ է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Անգարա գայ եւ կամ դուք երթաք Երեւան»։

Ի պատասխան Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնած է հետեւեալը. «Այս բոլորը կրնան ըլլալ։ Կարեւորը այն է, որ այս գործընթացին մէջ Ատրպէյճանի հետ սերտ խորհրդակցութեան մէջ ենք եւ Ատրպէյճան այս գործընթացը կը խրախուսէ։ Մեր վերջին Պաքու այցելութեան ընթացքին յարգարժան մեր նախագահին Ալիեւի հետ տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ ան մեզի դիտել տուաւ, որ ամուր ձեւով կը խրախուսեն։ Արդէն այս գործընթացի իւրաքանչիւր փուլին կը խորհրդակցինք։ Սա պէտք չէ զարմացնէ ոեւէ մէկը։ Սա պէտք է այսպէս ըլլայ, պէտք է դասեր քաղուին նաեւ անցեալէն։ Առանց Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցելու խնդրոյ առարկայ չէ, որ մանաւանդ արմատական նիւթերու շուրջ մենք քայլ մը առնենք։ Սա նախապայման մըն ալ չէ։ Սա կը բխի այս գործի բնոյթէն։

«Միւս կողմէ պատերազմի վերջանալէն վերջ Թուրքիա միշտ դրական պատգամներ տուաւ։ Այլեւս պատերազմը վերջացած է, այս բանէն պէտք է դասեր քաղել ու քայլեր պէտք է առնել Հարաւային Կովկասի մեր տարածաշրջանի կայունութեան համար։ Եթէ Հայաստանն ալ նոյն հասկացութեան մէջ է, ապա թէ՛ մեզի եւ թէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կը բարելաւուին. սահմանները կը բացուին, առեւտուր կը սկսի, միւս կողմէ կան նաեւ տարածաշրջանի զարգացման լոժիսթիք խնդիրները, եւ այլն։ Թէ ի՞նչ ըրաւ Ատրպէյճան։ Հայաստանին առաջարկեց համապարփակ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը։ Այժմ Հայաստան պէտք է դրական պատասխան մը տայ։ Մենք ի՞նչ ըրինք։ Ընտրութիւններուն յաջորդած դրական պատգամներուն ի շարունակութիւն նշանակեցինք յատուկ ներկայացուցիչներ։ Երկու անգամ յատուկ ներկայացուցիչները դէմ առ դէմ մէկտեղուեցան, սակայն շարունակ հեռաձայնի վրայ են։ Միայն յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումով ալ չբաւարարուեցանք։ Վստահութեան ամրապնդման ուղղեալ քայլեր առինք։ Ահաւասիկ թռիչքները սկսած են, միւս կողմէ առեւտուրի վերաբերեալ կարգ մը քայլեր կ՚առնուին։ Մեր կողմէ կատարուած շարժոյթներ (ժեսթ) կան։ Բաց աստի, սահմանի վրայ՝ մանաւանդ գետերու պարագային կան հողասահքեր։ Թէ ի՛նչ աշխատանքներ կրնան տարուիլ այս բոլորի ուղղութեամբ։ Բաց աստի, երբ վաղը բացուին սահմանները, ապա փոխադրութեան ուղղութեան մասին, ցամաքէն կամ երկաթգիծով, այս բոլորին շուրջ երկու կողմին կը վիճակի անհրաժեշտ ծրագրաւորման աշխատանքներ։ Միւս կողմէ, բնականաբար, քաղաքական շփումներ ալ կան։ Պարոն Արարատի Անթալիա գալը եւ մեր ունեցած երկկողմանի հանդիպումը դրական էին։ Իրականութեան մէջ ես կ՚ուզէի, որ մենք երեքով ի մի գայինք։ Անթալիայի մէջ կարելի չեղաւ այդ բանը՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն եղբօրս հետ։ Այժմ Ալիեւ եւ Փաշինեան դարձեալ Եւրոպայի մէջ ի մի պիտի գան։ Ես Ատրպէյճանի կողմէ նեղութիւն մը չեմ տեսներ։

«Այսինքն, վերջին հաշուով, սա սկիզբ մըն է։ Տարիներէ ի վեր յարաբերութիւններուն մէջ ընդհատում մը կայ։ Պատճառը Հայաստանն է. թէ՛ Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման եւ թէ մեզի ուղղեալ որդեգրած կեցուածքներուն պատճառով ինքզինքը մեկուսացուցած երկիր մըն էր։ Հիմա կ՚ընթանայ դրականօրէն, սակայն, մէկ օրուայ մէջ ամէն ինչի բնականոնանալն ալ կարելի չէ։ Անհրաժեշտ են փոխադարձ քայլեր։ Կան քայլեր, որոնք պէտք է առնուին տարածաշրջանէ ներս։ Այդ քայլերուն ուղղութեամբ ալ պիտի շարունակենք ընել մեզի վիճակածը»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՅՐԱՄՈՎ

Իր կարգին, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ յայտնեց, որ Հայաստանէն դրական ազդակներ կը նկատուին, յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի արդիւնքները տեսանելի կ՚ըլլան մօտաւոր ապագային։ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնեւ Ռաուի հետ զրուցելու ընթացքին Պայրամով յայտնած է, որ Հայաստանի կողմէ լուրջ մօտեցման դիրքորոշման պարագային Ատրպէյճան պատրաստակամ է եւ ժամանակն է իսկական քայլերու ձեռնարկելու։ Ան յիշեցուց Պաքուի կողմէ վերջերս Երեւանին ներկայացուած՝ հինգ կէտէ բաղկացեալ առաջարկները։

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2022