ԿԵՆՍԱԿԱՆ ԲԱՐԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Եւրոմիութեան Թուրքիոյ պատուիրակութեան քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար դեսպան-խորհրդատու Սթեֆանօ Ֆանթորինի երէկ առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ փոքրամասնական մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ։ «KEY Plaza»ի յարկէն ներս, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցչի գրասենեակի երդիքին տակ կազմակերպուած էր այս տեսակցութիւնը, որուն մասնակցեցան նաեւ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ պատուիրակութենէն այլ պաշտօնատարներ։ Սթեֆանօ Ֆանթորինի այս առթիւ զրուցեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի, «Մարմարա» օրաթերթի հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեանի, «Ակօս» շաբաթաթերթի հրատարակութեան տնօրէն Եդուարդ Տանձիկեանի եւ «Ափոյեւմաթինի» յունարէն օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Միխայիլ Վասիլիատիսի հետ։ Ըստ էութեան, հանդիպումը պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ եղաւ գործնականապէս, որովհետեւ միւս համայնքներու թերթերէն մասնակցեցաւ միայն «Ափոյեւմաթինի»ի խմբագիրը։

Այս հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ շօշափելու համար փոքրամասնութիւններու մամուլի կենսական բարդութիւնները՝ փոքրամասնական համայնքներու կեանքին բազում հարցերու զանազան երեսակներով քննարկումներուն առընթեր։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ընդգծուեցան մայրենիով օրաթերթերու դիմագրաւած տագնապալի կացութեան մանրամասնութիւնները։

Սթեֆանօ Ֆանթորինի, որ նախապէս 2011-2015 թուականներուն եւս պաշտօնավարած էր Անգարայի մէջ, այս շրջանին վերստին գործուղղուած է Թուրքիա։ Զրոյցի սկիզբին ան յայտնեց, որ փոքրամասնութիւններու պարագան կը համարուի կարեւոր եւ զգայուն բնագաւառներու շարքին կը դասուի։ Անոնց խնդիրները կը վերաբերին փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու, մարդու իրաւունքներու եւ մետիայի ազատութեան ոլորտներուն։ Այս շրջանին կ՚ընթանան Թուրքիոյ վերաբերեալ Եւրոմիութեան տարեկան տեղեկագրի պատրաստութիւնները, որոնց ծիրէն ներս նախատեսուած է փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը։

Հանդիպման ընթացքին Արա Գօչունեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ մայրենիով հրատարակուող հայերէն օրաթերթերը ունին առանձնայատկութիւն մը, որովհետեւ կ՚արտադրուին արեւմտահայերէնով, որ Եւրոխորհուրդին կողմէ կը դասուի վտանգուած լեզուներու շարքին։ Պոլսահայ մամուլը դատապարտուած է միայն համայնքային միջոցներէ սնուելու, սակայն, անոնք վերջին տարիներուն հետզհետէ կը սահմանափակուին։ Զուտ գոյատեւման նպատակով պայքար մղելով՝ թերթերը կը զրկուին հեռահար նպատակներու ձեռնամուխ ըլլալու հնարաւորութիւններէն։ Թեքնոլոժիք ներդրումներ ընելու եւ թուային դարաշրջանին համապատասխան արտադրանք ծաւալելու անկարելիութիւններուն հետեւանքով պոլսահայ մամուլը չի յաջողիր երիտասարդութիւնը թիրախաւորել, ինչ որ ուղղակի սպառնալիք մըն է իր ապագային տեսակէտէ։ Արա Գօչունեան, միեւնոյն ժամանակ, պոլսահայ մամուլը յատկանշական համարեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ, մանաւանդ, որ ներկայիս երկու երկիրներու միջեւ բնականոնացման նոր գործընթաց մը սկսած է։

Միխայիլ Վասիլիատիս յայտնեց, որ թէ՛ լայն հասարակութեան եւ թէ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու խնդիրները բազմապատկուած ձեւով ծանրութիւն կը ստեղծեն փոքրամասնական մամուլին վրայ։ Ան ընդգծեց ժողովրդագրական հարցերը եւ մասնաւորապէս կանգ առաւ Մամլոյ ծանուցումներու հաստատութեան (BİK) կողմէ փոքրամասնական թերթերուն ցուցաբերուած աջակցութեան հարցին վրայ։ Վասիլիատիս բաւական քննադատական մօտեցումով արտայայտուեցաւ այս հարցին շուրջ՝ յիշեցնելով, որ առանց «BİK»ի աջակցութեան փոքրամասնութիւններու մամուլը ապագայ չի կրնար ունենալ։ Իր համոզմամբ, «BİK»ի աջակցութիւնը պէտք է այնպէս մը նախատեսել, որ փոքրամասնական թերթերը կարողանան անոր ապաւինելով հաշուարկ ընել տարեկան պիւտճէի պատրաստութեան ժամանակ։ Մինչդեռ այդ աջակցութիւնը կը նուազի տարիէ տարի։

Վասիլիատիս շօշափեց նաեւ փոքրամասնական համայնքներու առկախուած ընտրութեան հարցը՝ շեշտելով, որ շատ երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասուի նոր կանոնադրութեան մը։ Իր համոզմամբ՝ ընտրութիւնները պէտք է նախատեսուին իւրաքանչիւր փոքրամասնական համայնքի աւանդութիւններն ու կարիքները հաշուի առնելով։

Արի Հատտէճեան յայտնեց, որ մայրենիով օրաթերթերու պարագային հաւասարազօր նշանակութիւն ունին լրատուամիջոցի հանգամանքն ու լեզուի զգայնութիւնները։ Ան կանգ առաւ մարդուժի դժուարութիւններու վրայ թէ՛ ընթեցող եւ թէ աշխատակից ունենալու տեսանկիւնէ։ Բացատրեց, որ լեզուէն եւ պատկանելիութեան գիտակցութենէն մեծ հեռացում մը խնդրոյ առարկայ է պոլսահայութենէն ներս, թերթերը ի վիճակի չեն նորութիւններ իրականացնելու եւ եթէ կարճ ժամանակի ընթացքին աջակցութիւններ չըլլան, ապա հետեւանքները պիտի ըլլան ծանր ու անվերադարձ։ Արի Հատտէճեանի խօսքով՝ եթէ մինչեւ մօտաւոր անցեալը փոքրամասնութիւններու թերթերու հիմնական մտահոգութիւնները քաղաքական բնոյթ ունէին, ապա այսօր առաջնահերթ դարձած են ելմտական մարտահրաւէրները։

Իր կարգին, Եդուարդ Տանձիկեան եւս կարեւորութեամբ մատնանշեց «BİK»ի աջակցութիւններու հարցը։

Իր խօսքով՝ այդ կառոյցը հանրային բնոյթով ծանուցումները բաժնելու պատասխանատուութիւն ունի։ Փոքրամասնութիւններու թերթերը չեն ստանար պաշտօնական ծանուցումներ՝ մինչ անոնք բոլոր լրատուամիջոցներուն տեսակէտէ եկամուտի միջոց կը համարուին։ Տանձիկեան յայտնեց, որ թէեւ փոքրամասնութիւններու թերթերը պաշտօնական ծանուցում չեն ստանար, սակայն, իրենց ստացած այլ ծանուցումներու պարագային «BİK»ի բաժինը կը վճարեն։ Ամփոփելով տնտեսական հարցերը՝ ան առանձնացուց մէկ կողմէ «BİK»ով պայմանաւորուած երեւոյթները, իսկ միւս կողմէ թուղթի գիներու անհամեմատ տատանումները, ինչ որ ծնունդ կ՚առնէ ընդհանուր տնտեսական տագնապէն։ Եդուարդ Տանձիկեան համոզուած է, թէ դրամատուները տոկոսները դիտումնաւոր ձեւով ցած մակարդակի վրայ կը պահեն, ինչ որ կը բազմապատկէ դժուարութիւնները։ Թէեւ մեծ խմբակներու կողմէ հովանաւորուած մամուլը այդքան չ՚ազդուիր այս հարցերէն, սակայն պարագան բոլորովին տարբեր է փոքրամասնութիւններու մամուլի պարագային՝ չափազանց համեստ ու սուղ միջոցներու հետեւանքով։ Տանձիկեան խօսեցաւ նաեւ թերթերու ցրուումի մենաշնորհներու ազդեցութեան մասին։

Իր դիտարկումներով՝ այս շրջանին քաղաքական տեսակէտէ փոքրամասնութիւններու մամուլին մեծ խնդիրներ չեն վիճակիր, որովհետեւ երկրէ ներս շատ խիստ իշխանութեան պայքար մը խնդրոյ առարկայ է եւ կառավարութեան ուշադրութիւնը այլ հարցերու վրայ կեդրոնացած է։ Յամենայնդէպս, ան յիշեցուց, որ հոգելոյս Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եղած է այս նոյն ժամանակաշրջանին եւ մշուշի քօղը տակաւին չէ յաղթահարուած։ Այդ ոճրագործութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը ունի առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, սա Հանրապետական շրջանի եզակի դատավարութիւնն է, որուն ներգրաւուած հանրային պաշտօնեաներու թիւը այսքան բարձր է։ Մահափորձէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւնները, Տանձիկեանի խօսքով, կը ստեղծեն այն տպաւորութիւնը, թէ այս դատավարութիւնը կ՚օգտագործուի՝ որպէս քաղաքական լծակ։

Ֆանթորինիի եւ խմբագիրներու ներածական խօսակցութիւններէն վերջ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Այս փուլին Միխայիլ Վասիլիատիս նշեց, որ Լոզանի դաշնագիրէն ներս Թուրքիոյ մէջ սկսած էր գործել փոքրամասնութիւններու ենթայանձնաժողով մը, որ աւելի վերջ լուծարուեցաւ։ Բայց եւ այնպէս, երբեք անոր արխիւները հասանելի չդարձան։ Ան կարծիք յայտնեց, թէ այդ արխիւներուն մէջ կրնան գտնուիլ՝ փոքրամասնութիւններու տեսակէտէ շատ ծանր ինչ-ինչ երեւոյթներու պատճառները, իսկ ներկայիս, ամենայն հաւանականութեամբ, նման կառոյց մը գոյութիւն ունենայ ուրիշ անուանումով մը։ Վասիլիատիս յայտնեց, որ Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութիւնը կրնայ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ դրական վիճակ մը ստեղծել՝ եթէ չափանիշներու պարագային ըլլայ զգայնութիւն։

Կարծիքի փոխանակումներու փուլին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոններու պաշտօնական կարգավիճակէ, իրաւաբանական անձի հանգամանքէ զուրկ ըլլալու խնդրին։ Այս հարցը քննարկման նիւթ դարձաւ հայոց պատրիարքական ընտրութիւններուն ժամանակ յառաջացած դժուարութիւններու լոյսին տակ։

Եւրոպացի դիւանագէտը զրոյցի եզրափակիչ փուլին մասնաւորապէս հետաքրքրուեցաւ, թէ համավարակի սահմանափակումներու աստիճանաբար ջնջուած այժմու շրջանին արդեօք յարաբերաբար թեթեւցա՞ծ է փոքրամասնութիւններու մամուլին կացութիւնը։ Դժբախտաբար, ան չկրցաւ դրական պատասխան մը ունենալ, որովհետեւ խմբագիրները ընդգծեցին, որ փոքրամասնութիւններու մամուլի պարագային կորուստները միշտ կ՚ըլլան անվերադարձ եւ անհաւասարակշռելի։

Սթեֆանօ Ֆանթորինի այս օրերու շփումներու ծիրէն ներս այլ քննարկումներ ալ ունեցած է փոքրամասնութիւններու հարցերուն շուրջ։ Խմբագիրներէն առաջ ան երէկ տեսակցած էր Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշըի հետ։ «Հրանդ Տինք» հիմնարկէ ներս ալ ան երէկ տեսակցեցաւ խումբ մը իրաւաբաններու հետ, որոնք կը զբաղին փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերաբերեալ խնդիրներով։

Հրաժեշտի փուլին ան յիշեցուց, որ սա երկրորդ պաշտօնավարութեան շրջանն է Թուրքիոյ մէջ, ուր վերադարձած է մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ։ «Սա ինծի համար դպրոցական վերամուտի նման է», յայտնեց Սթեֆանօ Ֆանթորինի։

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2022