ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ

​«Օրհնեալ է այդ թագաւորը, որ կու գայ Տիրոջ անունով.
Խաղաղութիւն երկնքի մէջ եւ փառք բարձունքներու վրայ»։
(Ղուկաս, 19.38)

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ անցանք Մեծ պահքի նուիրական շրջանէն ու հասանք Աւագ շաբթուան սեմին։ Մեծ պահքը յիրաւի նուիրական շրջան է, որ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարին։ Նուիրական՝ որովհետեւ իւրաքանչիւր քայլափոխը կը բուրէ ապաշխարութիւն, առանց որուն կարելի չէ մարդկային տկարութեանց անդրադառնալ, զղջալ եւ զգաստանալ։ Նաեւ նոյն նուիրական շրջանը առիթ կ՚ընծայէ, որ առանց այլեւայլի դիմենք Աստուծոյ, ապաւինելով Անոր անսահման սիրոյն եւ ողորմութեան։ «Ամբարիշտ» բառը, գրաբար Սուրբ Գրքի մէջ կը ներկայանայ «անօրէն» բառով, որ ինքնին ածականն է Աստուծոյ օրէնքէն հեռացած մարդուն։ Եւ Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ամբարիշտը եւ կամ անօրէնը իրաւունք կը ստանայ ապրելու։ Չէ՞ որ «եթէ ամբարիշտը իր գործած բոլոր մեղքերէն դառնայ, ու Աստուծոյ օրէնքները պահէ, եւ իրաւունք ու արդարութիւն ընէ անշուշտ պիտի ապրի։ Անոր ըրած բոլոր յանցանքները իրեն դէմ պիտի չյիշուին, եւ ան իր ըրած արդարութիւնովը պիտի ապրի»։ Չէ՞, որ Աստուած «չուզէր ամբարիշտին մեռնիլը, այլ կ՚ուզէ, որ ան իր չար ճանապարհէն դառնայ եւ ապրի» (Եզեկիէլ, 18.21-24)։ Մեղաւորը, իր մեղքին յառաջացուցած ցաւին մէջ կ՚ուրախանայ ամենաբարին Աստուծոյ այս խոստումին անդրադառնալով եւ վստահելով Իր ողորմութեան։ Կը յիշենք ապաշխարութեան շարականին բառերը. «Աներեւոյթ գաղտնիքները քննող, բժշկէ հոգիիս հիւանդութիւնը եւ ապրեցուր, միակ մարդասէր. Դուն որ ամէնուն հանդէպ համբերող ես, ողորմէ բազմամեղ անձիս եւ ապրեցուր, միակ մարդասէր»։

Ապաշխարութեան այս նուիրական շրջանի աւարտին երբ կ՚ողջունենք Աւագ շաբաթը, առաջին իսկ պահէն սկսեալ կը հրաւիրուինք քայլ առ քայլ հետեւելու Քրիստոսի սուրբ տնօրինութիւններուն, որոնք մեզ կ՚առաջնորդեն Սուրբ Յարութեան յաղթանակին։ Այս շաբաթը կը սկսի Ղազարու յարութեան յիշատակութեամբ, որուն ընդմէջէն կը լսենք աւետիսը Քրիստոսի. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով որ հաւատայ ինծի, թէպէտ մեռնի ալ պիտի ապրի. իսկ ով որ կենդանի է եւ կը հաւատայ ինծի՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի» (Յովհաննէս, 11.25-26)։

Չորեքօրեայ մեռեալ Ղազարոսի կեանքի կոչման հրաշքով սկսած այս առաջին քայլէն յետոյ, մենք զմեզ կը գտնենք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, որ տարբեր է սուգի եւ տրտմութեան տիրապետող ու Ղազարոսի յարութեամբ ուրախութեան փոխակերպուած առտնին մթնոլորտէն։ Տարբեր է այն առումով, որ ժողովուրդի խուռներամ բազմութեան մը ներկայութիւնն է խնդրոյ առարկան։ Պարզուած տեսարան մը կայ, ուր տեսանելի խոնարհութեան առընթեր՝ կը տեսնուի թագաւորի ընծայուած պատիւ մը։ Աստուծոյ Միածին Որդին՝ Քրիստոս է, որ Սուրբ Քաղաք՝ Երուսաղէմ կը մտնէ, գիտնալով հանդերձ, թէ այդ տեղ ինչե՜ր պիտի պատահէին։ Գիտնալով հանդերձ, թէ հրեայ հասարակութեան յառաջադէմները ինչե՜ր կը մտածէին իր մասին, նոյնիսկ կը ծրագրէին յանդուգն քայլի մը դիմել, որ էր  դաւադրութիւն սարքել իրեն դէմ։ Յատկանշական էր օրուան քահանայապետի խօսքը, որով «լաւ կը համարէր  որ մէկ մարդ մը մեռնէր ժողովուրդին համար, քան թէ ամբողջ ազգ մը կորսուէր» (Յովհաննէս, 11.50)։  Այս բոլորը իրողութիւններ էին։ Սակայն միւս  կողմէ  կար նաեւ այլ իրողութիւն մը եւ այդ կը բնորոշէր Քրիստոսի փրկարար առաքելութեան միջուկը։ Չէ՞ որ Քրիստոս աշխարհ եկած էր Հօր Աստուծոյ կամքով եւ «կորսուածը փնտռելու ու փրկելու» (Ղուկաս, 19.10)։ Չէ՞ որ «մարդու Որդին պէտք էր որ բարձրանար, որպէսզի ով որ հաւատար անոր՝ յաւիտենական կեանքը ընդունէր» (Յովհաննէս, 3.14-15)։

Ահաւասիկ Քրիստոս, Յովհաննէս Մկրտիչի բառերով «Աստուծոյ Գառնուկն է, որ կը բառնայ աշխարհի մեղքը» (Յովհաննէս, 1.29),  կու գայ Սուրբ Քաղաք Երուսաղէմ։ Եւ մենք կը յիշենք այս հրաշալի մուտքը եւ կը ջանանք ընթանալ զինքը դիմաւորող բազմութեան հրճուանքին օրինակովը։

Հին ուխտի մարգարէները իրենց ժամանակին մարգարէացած էին Քրիստոսի հետ առընչուած սուրբ տնօրինութիւններու մասին։ Եւ ահա Զաքարիա մարգարէի «Մեծապէս ուրախացի՛ր, ո՛վ Սիօնի աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ՛, ո՛վ Երուսաղէմի աղջիկ. ահա քու թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է ու իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի վրայ» (Զաքարիա, 9.9) մարգարէութիւնը կ՚իրականանար երբ Երուսաղէմ քաղաքը ականատեսը կը դառնար անսովոր խանդավառութեան մը։ Ծերեր, երիտասարդներ, մանուկներ կողք կողքի են, արհամարհելով սերունդներու միջեւ գոյութիւն ունեցած տարբերութիւնը։ Արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղեր ի ձեռին բազմութիւն մը բարձրաձայն «ովսաննա» կը գոչէր եւ այդ հրճուալից աղաղակները կ՚արձագանգէին Սուրբ Քաղաքի մուտքին եւ ամէնուրեք։ Ժողովուրդը պատիւ կ՚ընծայէր Անոր որ «կու գար Տիրոջ անունով»։ Այս խանդավառ դիմաւորման մէջ զգալիօրէն կը տեսնուէր ժողովուրդի յարգանքն ու ակնածանքը, քանի որ Քրիստոսի անցած ճանապարհին կը փռուէին զգեստներ, հոգ չէ թէ անոնք անգործածելի պիտի ըլլային։  Խանդավառութիւնը կը հասնէր իր գագաթնակէտին, երբ կը լսուէր «Օրհնեալ է այդ թագաւորը, որ կու գայ Տիրոջ անունով. խաղաղութիւն երկնքի մէջ եւ փառք բարձունքներու վրայ» աղաղակները։

Ի մտի պէտք է ունենալ, թէ Քրիստոս լացաւ Երուսաղէմի վրայ, քաջ գիտնալով՝ թէ ապագային ինչե՞ր պիտի արձանագրէր պատմութիւնը այս քաղաքին մասին։ Այսօր ալ քիչ չեն այն պատճառները, որոնց ի տես Քրիստոս կու լայ։ Այդ պատճառներուն գլխաւորն է այն ահաւոր անտարբերութիւնը, որուն իբր արդիւնք կ՚ունենանք աղքատացած տաճարներ, տաճարներէ ներս աջակողմեան ու ձախակողմեան դասեր, աղքատացած՝ շապկակիր ծառայողներ։ Մինչ այդ որքան գեղեցիկ երեւոյթ կ՚ունենայ երբ տաճարի կամարներուն ներքեւ կը լսուին մանուկներու օրհնաբանութիւնը, որ ինքնին իրականացումն է Սաղմոսաց Գիրքի «մանկանց եւ կաթնկեր տղայոց բերնէն գովութիւն կատարեցիր» (Սաղմոսք, 8.2) համարը։

Խանդավառ են արմաւենիներ ի ձեռին «Ովսաննա Դաւիթի Որդիին» աղաղակող Երուսաղէմի մանուկները։ Որքա՜ն ցանկալի է վայելել նոյն խանդավառութիւնը մեր զաւակներու անմիջական շրջանակին մէջ Աստուծոյ փառքին ընծայուած տաճարներու երդիքներուն ներքեւ։ Վստահաբար կրնանք ըսել, թէ այդ կրնայ իրականանալ երբ հիանալով կը զգանք ու կը հասկնանք մանուկներու խանդավառութիւնը եւ կ՚ուխտենք մնալ Քրիստոսի կողքին եւ ոչ թէ ի տես մանուկներու խանդավարութեան, «բարկացող քահանայապետներու եւ փարիսեցիներու»։ Քրիստոսի Մարմինը Սուրբ Եկեղեցին յաճախ կը կարօտնայ այն խանդավառ քաղցրաձայն մասնակցութիւնը, որ զԱստուած փառաբանելու առընթեր նաեւ իր ներդրումը ունի եկեղեցւոյ առողջ գոյատեւման։ Երբ փոքրաթիւ նուիրեալներ իրենց բանաւոր պատարագները կը մատուցանեն կեանքի կոչելով Սաղմոսաց Գիրքի «իմ ձայնովս Տիրոջը կ՚աղաղակեմ, իմ ձայնովս Տիրոջը կ՚աղաչեմ» (141.1) համարը, անդին կը գտնուին շատեր, որոնք իրենց անտարբերութեամբ կը դիտեն միայն եւ պէտք է գիտնալ, որ այդ դիտարկութիւնը օգուտ չի բերեր եկեղեցիին, ընդհակառակը կը տկարացնէ։

Սուրբ Գիրքը կ՚աւանդէ մեզի, թէ Քրիստոս Երուսաղէմ մտաւ խանդավառ ցոյցերով եւ մենք այսօր կը տօնենք այս  հրաշալի մուտքին յիշատակը։ Քրիստոս այսօր պատրաստ է մուտք գործել մեր կամքով ու հաւատքով կառուցելի հոգեւոր Երուսաղէմներէն ներս, բաւ է որ, այդ Երուսաղէմները կազմուին «Քրիստոսի անունով երկու կամ երեք հոգիի ի մի հաւաքուելովը» (Մատթէոս, 18.20)։ Հոգեւոր ուրախութեամբ Քրիստոսը դիմաւորելու համար հարկ է «Ուրախ ըլլալ երբ Տիրոջ տունը երթալու հրաւէր կայ» (Սաղմոսք, 121.1)։

Սուրբ Գիրքը մեզի կ՚ուսուցանէ «ելլել, մեր Տէր Աստուածը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնել» (Նէեմեայ, 9.5)։ Սաղմոսաց Գիրքը կը հրաւիրէ մեզ «Տէրը օրհնելու եւ անոր բոլոր բարերարութիւնները չմոռնալու», քանի որ «Տէրը կը քաւէ բոլոր անօրէնութիւնները, կը բժշկէ մեր բոլոր հիւանդութիւնները, կը փրկէ մեր կեանքը ապականութենէ եւ կը պսակէ մեզ ողորմութիւնով ու գթութիւնով. կը լեցնէ մեր ծերութիւնը բարութիւնով ու մեր մանկութիւնը արծիւի պէս կը նորոգուի» (Սաղմոսք, 102.1-5)։

Երբ կը հրաւիրուինք զԱստուած օրհնելու եւ մանաւանդ Անոր բարութիւնները չմոռնալու, այս հրաւէրը թող դառնայ քաղցր լուծ մը եւ բոլորիս պարգեւէ այս հրաւէրին ընդառաջելու իմաստութիւնն ու կարողութիւնը, որպէսզի մեր կեանքերէն ներս տեղ գտնէ Քրիստոսի դիմաւորման ընթացքին յառաջացած խանդավառութիւնը եւ հաւատքի միութեամբ ու բոլորով սրտիւ հրճուանքով ըսենք. «Օրհնեալ է այդ թագաւորը, որ կու գայ Տիրոջ անունով. Խաղաղութիւն երկնքի մէջ եւ փառք բարձունքներու վրայ»։ Այս տօնին առթիւ նաեւ մեր աղօթքը ըլլայ, հետեւելով Պօղոս առաքեալին. «Քրիստոսի խօսքը բնակի մեր մէջ առատապէս, որպէսզի կատարեալ իմաստութեամբ ուսուցանենք իրարու եւ խրատենք զիրար՝ սաղմոսներով, օրհներգութիւններով, հոգեւոր երգերով, եւ երախտագիտութեամբ օրհնելով զԱստուած մեր սրտերուն մէջ։ Եւ ամէն ինչ որ ընենք խօսքով ու գործով, ընենք յանուն Տէր Յիսուսի՝ անով գոհութիւն մատուցանելով Աստուծոյ եւ Հօր» (Կողոսացիս, 3.16-17)։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

25 մարտ, 2023, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023