ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ ՀԻՆԳ ՆՈՐ ԱՆԴԱՄՆԵՐ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կազ­մը հա­մալ­րուե­ցաւ հինգ նոր դէմ­քե­րով։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած էր ՀԲԸՄ-ի 88-րդ հա­մա­գու­մա­րը։ Կազ­մա­կեր­պու­թեան Նիւ Եոր­քի կեդ­րո­նա­տե­ղիի աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ թո­ղար­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ տե­ղե­կա­ցուած է, որ Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նոր ան­դամ­ներն են՝ Ա­նի Մա­նու­կեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Լո­ռի Մուն­չէ­րեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Լե­նա Սար­գի­սեան (Գա­նա­տա), Ա­լեք­սի Կէօվ­ճեան (Ֆրան­սա) եւ Առ­նօ Ա­դա­մեան (Անգ­լիա)։

Հարկ է նշել, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան յա­տուկ խորհր­դա­կա­նի պաշ­տօ­նը պի­տի վա­րէ Քա­րոլ Աս­լա­նեան, որ եր­կար տա­րի­ներ այս կազ­մա­կեր­պու­թեան մէջ ու­նե­ցած է կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն եւ ան­դա­մակ­ցած՝ Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան։ Նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նայ քսան հո­գիէ՝ աշ­խար­հի զա­նա­զան ե­րկիր­նե­րէն։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2015