ՆՈՐ ԹԱՓ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ

Մի­ջազ­գա­յին ելմ­տա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Քա­րին Ֆին­քելս­թո­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը վեր­ջերս շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լեց պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, մինչ Ֆին­քելս­թոն եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան Ֆին­քելս­թո­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին բարձր գնա­հա­տեց կող­մե­րու մի­ջեւ մշա­կ-ւած ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց ա­նոր հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց այս ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ Հա­յաս­տա­նի մէջ զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս ձեռ­նար­կուած ծրագ­րե­րուն հա­մար, ո­րոնք նոր թափ կու տան երկ­րի տնտե­սու­թեան աշ­խու­ժաց­ման ու հե­տա­գայ զար­գաց­ման։ Վար­չա­պե­տը կա­րե­ւո­րեց գոր­ծա­րար մի­ջա­վայ­րի բա­րե­լաւ­ման, ելմ­տա­կան հա­տուա­ծին օ­ժան­դա­կե­լու ուղ­ղեալ ծրագ­րե­րը, տե­ս­­չա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

Իր կար­գին, Քա­րին Ֆին­քելս­թոն գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ ձեռ­նար­կուած ծրագ­րե­րու կա­տար­ման ըն­թաց­քին շուրջ։ Ան շեշ­տեց, որ այդ ա­ռու­մով ո­րե­ւէ խնդիր գո­յու­թիւն չու­նի։ Ֆին­քելս­թոն տպա­ւո­րիչ հա­մա­րեց գոր­ծա­րար մի­ջա­վայ­րի բա­րե­լաւ­ման ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րուած հա­մա­տեղ ջան­քե­րը։ Ըստ ի­րեն, սոյն ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը պատ­րաստ է ընդ­լայ­նե­լու ծրագ­րե­րը գիւ­ղատն­տե­սու­թեան, ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու, նո­րա­րա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու բնա­գա­ւա­ռէն ներս եւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ցու­ցա­բե­րել անհ­րա­ժեշտ օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը՝ հա­ւա­նա­կան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մագ­րա­ւե­լու նպա­տա­կով։

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Ֆին­քելս­թոն ար­դիւ­նա­ւէտ գնա­հա­տեց Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ տնտե­սա­կան կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման եւ ամ­րապնդ­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Ա­ւե­լի վերջ քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մի եւ սոյն ըն­կե­րակ­ցու­թեան մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը, սննդամ­թեր­քի անվ­տան­գու­թեան եւ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ըն­կե­րակ­ցու­թեան տնօ­րէն Թո­մաս Լիւ­պե­քին, որ ա­ւար­տած է իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ շնոր­հա­ւո­րեց ըն­կե­րակ­ցու­թեան նո­րան­շա­նակ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին տնօ­րէն Եան Ֆան Պիլ­սէ­նը՝ եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։

Մի­ջազ­գա­յին ելմ­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ներ­կա­յիս էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ա­ւե­լի քան եր­բեք։ Ար­դա­րեւ, ար­տա­սահ­մա­նէն Հա­յաս­տան կա­տա­րուած փո­խան­ցում­նե­րուն քա­նա­կը ներ­կայ տա­րես­կիզ­բէն ի վեր կրճա­տուած է լրջօ­րէն։ Ան­ցեալ տա­րի ալ այդ ուղ­ղու­թեամբ մի­տում­ներ թէեւ կա­յին, սա­կայն այս տա­րի հար­ցը ստա­ցած է լուրջ թափ մը։ Հե­տե­ւա­բար Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ երկ­րի տնտե­սա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու պահ­պան­ման ա­ռու­մով շատ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն մը ու­նի մի­ջազ­գա­յին ելմ­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ կա­յուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան տե­ւա­կա­նա­ցուի­լը։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2015