ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՆՄՈՅՇՆԵՐ

Ե­րե­ւա­նի Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան հա­ւա­քոյթ մը։ Այս­պէս, մե­ծա­րուե­ցաւ Նոր Ջու­ղա­յէն սե­րած Միր­մա­նեան գեր­դաս­տա­նի վեր­ջին ժա­ռան­գը՝ Մա­նուե­լա Սալ­վի­նի տէ Գի­րակ Միր­ման, որ կը բնա­կի Ի­տա­լիոյ Լի­պեր­նօ քա­ղա­քին մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան Մա­տե­նա­դա­րա­նին նուի­րա­բե­րած է Գի­րակ Միր­ման գեր­դաս­տա­նի շուրջ ե­րեք դար վա­ղե­մու­թեամբ (1724 թուա­կան) մա­գա­ղա­թեայ ձե­ռա­գիր մա­տեա­նը՝ ըն­տա­նի­քի տոհ­մա­ծա­ռին հետ։ Այդ մէ­կը սկիզբ կ՚առ­նէ 1364 թուա­կա­նէն, Հին Ջու­ղա­յէն սե­րած Ա­լա­վեր­դի Միր­ման ա­նու­նով նա­խա­պա­պէն եւ կ՚ա­ւար­տի 1738 թուա­կա­նով՝ ըն­տա­նի­քէն Կրե­կո­րիօ ա­նու­նով ան­ձով մը։

Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նա­կա­տար Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց, որ նուի­րա­բե­րուած փաս­տա­թուղ­թե­րը շատ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նին ուշ միջ­նա­դա­րու հայ­կա­կան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու, գաղ­թա­վայ­րե­րու պատ­մու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ալ Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան ը­սաւ. «Այս ըն­տա­նի­քը նաեւ մեծ բա­րե­գոր­ծու­թիւն­ներ ը­րած է հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վե­րա­կա­ռուց­ման, վե­րա­նո­րոգ­ման ա­ռու­մով։ Մեծ կա­րո­ղու­թեան տէր ըն­տա­նիք մը ե­ղած է։ Եւ­րո­պա­կան զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րու մէջ հաս­տա­տած են ի­րենց գրա­սե­նեակ­ներն ու վա­ճա­ռա­տու­նե­րը։ Ե­կած, հա­սած են մին­չեւ մեր օ­րե­րը եւ փաս­տօ­րէն, ա­նոնց վեր­ջին ժա­ռան­գը ո­րո­շած է ըն­տա­նե­կան այդ մա­սունք­նե­րը, սրբու­թիւն­նե­րը յանձ­նել ա­պա­հով տեղ մը եւ ան­շուշտ նախ եւ ա­ռաջ մտա­ծած է հայ­րե­նի­քի մա­սին։ Այս­տեղ ա­նոնք լաւ պի­տի պահ­պա­նուին, անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին պի­տի նո­րո­գուին, պի­տի ցու­ցադ­րուին, պի­տի ու­սում­նա­սի­րուին։ Կը կար­ծեմ՝ այս­տեղ կայ բա­ւա­կան հա­րուստ նիւթ, որ­մէ կրնան օգ­տուիլ պատ­մա­բան­նե­րը։ 17-18-րդ դա­րե­րու նմոյշ­ներ են։ Մէկ ձե­ռա­գիր եւ վեց ար­խի­ւա­յին փաս­տա­թուղթ, ո­րոնք բո­լորն ալ շատ ար­ժէ­քա­ւոր են, հիմ­նա­կան լե­զուն ի­տա­լե­րէնն է, կայ նաեւ լա­տի­նե­րէ­նով»։

­Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Մա­նուե­լա Սալ­վի­նի տէ Գի­րակ Միր­մա­նին շնոր­հուե­ցաւ Մա­տե­նա­դա­րա­նի յու­շա­մե­տայ­լը։ «Ես այս­տեղ տե­սայ, թէ ինչ պայ­ման­նե­րու մէջ կը պա­հուին մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը. ո­րո­շե­ցի, որ սա այն լա­ւա­գոյն վայրն է, ուր ա­նոնք պէտք է հանգ­րուա­նեն։ Ես ո­րե­ւէ ա­ռիթ զանց չեմ առ­ներ հնչեց­նե­լու հա­յե­րու եւ իմ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն մա­սին։ Ես ար­դէն իսկ ծրագ­րած եմ յա­ջորդ տա­րի վե­րա­դառ­նալ այս­տեղ», ը­սաւ ան։

Միր­մա­նեան­նե­րը ե­ղած են Նոր Ջու­ղա­յի մե­ծա­նուն վա­ճա­ռա­կան­նե­րէն եւ տոհ­միկ ազ­նը-ւա­կան­ներ։ Գեր­դաս­տա­նի Ի­տա­լիոյ ճիւ­ղի հիմ­նա­դի­րը ե­ղած է Գի­րա­կի որ­դին՝ Կրե­կո­րիօ Միր­ման, որ 1612 թուա­կա­նին ծնած է Նոր Ջու­ղա­յի մէջ։ Ան կը զբա­ղէր թան­կար­ժէք քա­րե­րու եւ մե­տաք­սի ա­ռեւ­տու­րով։ 1688 թուա­կա­նին Միր­ման Գի­րա­կի հո­գա­ծու­թեամբ ամ­բող­ջո­վին վե­րա­կա­ռու­ցուած եւ ըն­դար­ձա­կուած էր Վե­նե­տի­կի Ս. Խաչ ե­կե­ղե­ցին։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017