ՃՈՆ ՔԵՆԵՏԻԻ ՕՐԱՏԵՏՐԸ ՎԱՃԱՌՈՒԱԾ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­մե­նա­սի­րուած նա­խա­գահ­նե­րէն՝ Ճոն Քե­նե­տիի անձ­նա­կան օ­րա­գի­րը Պոս­տո­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­ճուր­դի ժա­մա­նակ վա­ճա­ռուած է 718.750 տո­լա­րով:

61 էջ­նոց օ­րա­տետրը, որ գնած է ա­մե­րի­կա­ցի Ճո­զըֆ Էլ­սոլ՝ կը նե­րառ­նէ թէ՛ ձե­ռա­գիր եւ թէ տպա­գիր է­ջեր: Ան գրուած է 1945-ին 28-ա­մեայ Քե­նե­տիի կող­մէ, որ այն ժա­մա­նակ լրագ­րող էր եւ կը հա­մա­րուէր իր աս­պա­րէ­զի մեծ մաս­նա­գէտ։ Ու­շագ­րաւ է, որ օ­րագ­րին մէջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու 35-րդ նա­խա­գա­հը ան­գամ մը միայն անդ­րա­դար­ձած է այն ժա­մա­նա­կուայ Գեր­մա­նիոյ ա­ռաջ­նորդ Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րին ու զայն պար­զա­պէս ա­նուա­նած է ա­ռաս­պել:

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017