ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՊԻՏԻ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒԻ
Վենետիկի իշխանութիւնները կը պատրաստուին քաղաքին մէջ տեղադրել յատուկ սարքաւորումներ, որոնց միջոցով պիտի որոշեն իրենց այցելող զբօսաշրջիկներու որոշ թիւը:
Եթէ նման որոշումը հաւանութեան արժանանայ Իտալիոյ կառավարութեան եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ, որու ժառանգութեան ցանկին վրայ կը գտնուի Վենետիկը, ապա արդէն մօտ ապագային սահմաններուն տեղադրուած պիտի ըլլան յատուկ «մարդկային հաշուիչներ»:
Այս որոշման պատճառը այն է, որ հաշուարկներու հիման վրայ քաղաքային իշխանութիւնները կը պատրաստուին շուտով սահմանափակել հոսքը զբօսաշրջիկներու, որոնք մշտապէս անհանգստութիւն կը պատճառեն տեղւոյն բնակիչներուն: Միայն անցեալ տարի Մարտ ամսուն քաղաք ժամանած են շուրջ 300 հազար զբօսաշրջիկ՝ Զատկի տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար, մինչդեռ բուն վենետիկցիներու թիւը քաղաքին մէջ կը կազմէ ընդամէնը 270 հազար: Տեղացիները երբեք չեն կրնար հանգիստ զբօսնուլ քաղաքին մէջ, քանի որ յատկապէս կեդրոնական հատուածներէն ներս «ասեղ ձգելու» տեղ չ՚ըլլար, գիշերներն ալ չեն կրնար քնանալ զբօսաշրջիկներու մեծ խումբերու աղմուկէն, ինչպէս նաեւ այս ու այն կողմ շարժուող ճամպրուկներու անիւներու ձայնէն: