ԴԻՄՈՒՄԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ենթագետինը արդէն պատրաստուած է։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն, շուրջ 17.00-ին, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այցելեցին կուսակալութիւն։ Նահանգապետարանէն ներս անոնք հիւրընկալուեցան Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի կողմէ։ Շուրջ կէս ժամուան կարճ հանդիպումը անցաւ ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ։ Երկու սրբազանները կուսակալին յանձնեցին իրենց համատեղ ստորագրութեամբ դիմում-նամակը՝ ձեռնարկելու համար Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան։ Կուսակալ Ալի Եէրլիքայա զրոյցի ընթացքին հերթական անգամ ցաւակցութիւն յայտնեց հոգելոյս պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման համար։ Ստանալով գրաւոր դիմումը՝ ան խոստացաւ այդ մէկը ամենակարճ ժամանակի ընթացքին ուղարկել մայրաքաղաք եւ պատկան իշխանութիւններու պատասխանն ալ փոխանցել Պատրիարքարան։

Երկու սրբազաններու համատեղ ստորագրութեամբ նամակը երէկ Իսթանպուլի կուսակալին յանձնուեցաւ՝ Կրօնական ժողովի նախընթաց օրուան որոշման հիման վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, Կրօնական ժողովը հոգելոյս պատրիարքի սուգի շրջանի անմիջապէս աւարտին գումարուելով ճանապարհային քարտէս մը որդեգրած էր պատրիարքական ընտրութեան համար։ Երկուշաբթի օրուան նիստին ժամանակ, ներկայ փուլի առանձնայատկութիւններու հիման վրայ անհրաժեշտ չէր նկատուած տեղապահի մը ընտրութիւն կատարել ու որոշուած էր՝ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի գլխաւորութեամբ յառաջ տանիլ ընտրական գործընթացը։ Կրօնական ժողովը յարմար նկատած էր պետութեան մօտ առաջին դիմումը կատարել պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի եւ Կրօնական ժողովի ատենապետի համատեղ ստորագրութեամբ։

Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Կրօնական ժողովի որոշման հիման վրայ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Պատրիարքարանի մէջ ունեցան խորհրդակցութիւն մը։ Անոնք կուսակալութեան ներկայացուելիք նամակը վերջնական տեսքի բերելու համար տարին ուշադիր աշխատանք մը։ Երկու սրբազանները նախանձախնդրօրէն նկատի ունեցան նախկին պատրիարքական ընտրութիւններու դիմում-նամակները։ Այդ բոլորի լոյսին տակ, Պատրիարքարանէն ներս ցայսօր պատրաստուած նախագծերն ալ հաշուի առնելով անոնք վերջնական տեսքի բերին 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին սկիզբ տալու մասին դիմում-նամակը։ Հաշուի առնելով, որ Պատրիարքական Աթոռը վերջնականօրէն թափուր է՝ այս անգամ այլեւս շարադրութիւնը ո՛չ թէ թոյլտուութեան մը խնդրանքի շեշտադրումով եղած է, այլ՝ ուղղակի պետութիւնը տեղեակ պահելու ոճով։ Սկզբունքօրէն, Պատրիարքարանը յարմար չի դատեր նամակի հրապարակումը՝ յարգելով հասցէատիրոջ իրաւունքը, սակայն, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն՝ գրաւոր դիմումի բովանդակութիւնը կ՚ենթադրէ ընթանալ ըստ աւանդական նախընթացներու։ Պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու համար այժմ ընթացակարգային բոլոր անհրաժեշտութիւնները կատարուած կը համարուին։ Պետութեան կողմէ ուղարկուելիք պատասխանին հիման վրայ պիտի շարունակուին յաջորդ աշխատանքները։ Այս փուլին որոշ ազդանշաններ ալ կան, թէ պատկան իշխանութիւնները դրական վերաբերմունք պիտի ցուցաբերեն դիմումին առընչութեամբ։ Կրօնական ժողովի նիստէն անմիջապէս վերջ կուսակալութիւնը ժամադրած է երկու սրբազանները։ Կուսակալ Ալի Եէրլիքայա անձամբ տեսակցած է սրբազաններուն հետ, առանց գործը թողելու տեղակալներուն։ Դիմում-նամակը ստանալով ան խոստացած է հնարաւորինս արագ կատարել այն ինչ, որ կախում ունի իրմէ։ Հիմա այս բոլորի լոյսին տակ որոշ սպասման շրջան մը կը սկսի մեր համայնքին տեսակէտէ։ Այժմու բոլոր կանխատեսումները լաւատեսութիւն կը ներշնչեն՝ պատկան իշխանութիւններէն ակնկալուած պատասխանի փութով փոխանցուելուն առընչութեամբ։

Մինչ այս միջանկեալ սպասման փուլը կը բացուի համայնքին առջեւ, հանրային կարծիքին մօտ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին նաեւ որոշ մեկնաբանութիւններ։ Արդարեւ, Կրօնական ժողովը պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի սկիզբին շուրջ որոշում մը ընդունած է, եզր մը որդեգրած է՝ ըստ իր դատողութեան ու հայեացքին։ Այս բոլորի հիման վրայ ալ պատրաստուած է պաշտօնական դիմում-նամակը։ Հիմա համայնքային շրջանակներու միտքը կը զբաղեցնէ հետեւեալ հարցումը. արդեօք պատկան իշխանութիւններն ալ նոյն ձեւով պիտի պատկերացնե՞ն պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի սկիզբը, թէ ոչ պիտի ըլլան տարբերութիւններ։ Սովորաբար, Հանրապետական շրջանի պատրիարքական ընտրութիւններու պարագային, պետութեան կողմէ կ՚ուղարկուին մէկ անգամուան համար գործադրելի կանոնադրութիւններ։ Որոշմնագրի մը ձեւաչափով կ՚ուղարկուին այդ կանոնադրութիւնները, որոնք սկիզբէն մինչեւ վերջը կը յստակացնեն ընտրութեան գործընթացի փուլերն ու մանրամասնութիւնները։ Սա կը վերաբերի Ազգային պատգամաւորական ժողովի օրակարգին, եկեղեցական կամ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութեան, նոյնիսկ ընտրուելիք պատրիարքի երդումին։

Այժմ, համայնքային շրջանակները հաշուի կ՚առնեն այն հարցումը, թէ պետութիւնը ինչպէ՞ս պիտի ընկալէ կամ մեկնաբանէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի սկիզբը։ Եթէ այդ սկիզբը Կրօնական ժողովի վերջին որոշումներուն ի շարունակութիւն պատկերացուի, ապա ներկայիս նախատեսուած դրութիւնով պիտի շարունակուին աշխատանքները։ Իսկ եթէ պետութեան կողմէ գործընթացի մեկնարկ համարուի տեղապահի մը ընտրութիւնը, ապա այժմու պայմաններուն մէջ հաւանական կրնան դառնալ անհրաժեշտ, ստիպողական փոփոխութիւններ։ Նկատի ունենալով, որ Հանրապետական շրջանին ինչպէս տեղապահով, այնպէս ալ փոխանորդով պատրիարքական ընտրութիւններ կազմակերպուած են, այս փուլին դժուար է կանխատեսումներ ընել պետութեան հաւանական վերաբերմունքին շուրջ։ Յամենայնդէպս, համայնքային որոշ շրջանակներ կը յայտնեն, որ իրենց կը հասնին զանազան լսումներ, ըստ որոնց չի բացառուիր պետութեան կողմէ տեղապահի մը ընտրութեան պահանջուիլը։

Ամփոփ գիծերու մէջ այժմու պատկերը կը պարզէ հետեւեալը. 1863-ի Ազգային Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով տեղապահը կ՚ընտրուի Խառն ժողովի՝ այսինքն Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու համատեղ կազմին կողմէ։ Քանի որ Հանրապետական շրջանին Քաղաքական ժողովը կամ Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը գոյութիւն ունենալէ դադրած են, Խառն ժողովն ալ ինքնաբերաբար վերացած է։ Այս իրավիճակին մէջ, Ազգային Սահմանադրութեան ոգիէն ու տարրէն չհեռանալու, տեղապահի ընտրութեան ժամանակ անոր տրամադրութիւններուն ներհակ քայլ մը չառնելու համար պատրիարքական ընտրութիւններ կազմակերպուած են փոխանորդով։ Բայց կան նաեւ ուրիշ օրինակներ։ Առանց Խառն ժողովի, միայն Կրօնական ժողովի որոշումով ալ պաշտօնի կոչուած են տեղապահներ եւ կամ Եկեղեցականաց համագումարով ընտրուած են ինչպէս տեղապահներ, այնպէս ալ փոխանորդներ։ Ուստի, Պատրիարքարանի յստակ կարգավիճակէ մը զուրկ ըլլալը այս հարցին տեսակէտէ ալ ծնունդ կու տայ հակասութիւններու, ենթակայականութիւններու եւ պղտորութիւններու, որոնք Աթոռի 85-րդ գահակալի ընտրութեան ընդառաջ եւս կը զբաղեցնեն համայնքի օրակարգը։

Կրօնական ժողովի վերջին նիստէն առաջ տեղապահի մը ընտրութեան վարկածը պաշտպանած էր Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան՝ առաջադրելով նաեւ իր թեկնածութիւնը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ այժմու դրութեամբ, առանց ժամանակ կորսնցնելու ընթանալը յարմար նկատած էր։ Երկու սրբազաններն ալ որոշ տրամաբանութեամբ հիմնաւորած են իրենց մօտեցումները։ Այս փուլին տեղապահի մը ընտրութիւնը կրնայ թէ՛ դրական եւ թէ ժխտական գործօններու դուռ բանալ, ինչպէս եւ փոխանորդով այժմու գործընթացը յառաջ տանելու վարկածը։ Յամենայնդէպս, մեր համայնքը աւելի քան 11 տարիէ ի վեր արդէն համոզուած է նոր պատրիարք մը ընտրելու անհրաժեշտութեան գաղափարին հետ։ Ուստի, առանց իրաւունքէ եւ օրինականութենէ հեռանալու պէտք է գտնել եզր մը, որպէսզի գործընթացի կազմակերպման հանգամանքները ստուեր չածեն բուն նպատակին՝ ժամ առաջ պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու հրամայականին վրայ։  

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019