ՀԱՍՈՒՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին յայտարարեց, որ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ երէկ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայային յանձնուած նամակին մէջ անհրաժեշտ ամէն ինչ նշուած է եւ գործընթացին մեկնարկը պիտի տրուի ըստ պետութեան որոշումին։

Երէկ երեկոյեան նահանգապետարան տրուած այցելութենէն վերջ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք նորին սրբազնութեան հետ, որ մեզի պարզեց իր տեսակէտներն ու տպաւորութիւնները։ Ան նշեց, որ իր կանխատեսումներով շուրջ մէկ շաբաթէն երէկ յանձնուած նամակին պատասխանը կրնայ հասնիլ Պատրիարքարան եւ այդ հիման վրայ ալ կարելի է անմիջապէս գործի լծուիլ նոր պատրիարքի ընտրութեան նպատակով։ «Պետութեան հետ վէճի բռնուելու չենք, նամակի պատասխանին մէջ ինչ որ ըսուի, այդպէս ալ պէտք է ընենք», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։

Բացի երէկ կուսակալութիւն տրուած այցելութենէն, նորին սրբազնութեան տեսակէտը շօշափեցինք նաեւ Կրօնական ժողովի վերջին նիստին շուրջ։ Արդարեւ, երկուշաբթի օրուան ժողովին ընդառաջ ան հանդէս եկած էր յայտարարութիւնով մը, որով յայտնած էր, թէ այս փուլին յարմար կը դատէ տեղապահի մը ընտրութիւնը եւ ինք տեղապահի թեկնածու էր։ Պատրիարքարանի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցի բովանդակութենէն կարելի է դատել, որ երկուշաբթի տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան քուէարկած է տեղապահի մը ընտրութեան ի նպաստ, սակայն մեծամասնութեան ձայներով որդեգրուած է տարբեր ուղղութիւն մը։ Թէ ի՞նչ կը մտածէ այս իրավիճակին մէջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ իրեն համար ընդունելի՞ է այս որոշումը։ Ի պատասխան ան մեզի յայտնեց հետեւեալը.

«Այո՛, ես կ՚ընդունիմ այս որոշումը, որովհետեւ ես ալ Կրօնական ժողովի մէկ տարրն եմ եւ այդ ժողովին առած որոշումը սկզբունքօրէն պէտք է ընդունելի ըլլայ բոլորիս համար։ Ես չեմ ուզեր խնդրայարոյց գործօնի մը վերածուիլ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ։ Յետոյ, ըստ երեւոյթին, մեր եկեղեցին ներկայ վիճակը ընդունած է ընդհանուրին մէջ։ Եկեղեցական համակարգէն ներս այժմու վիճակը մարսուած է։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը, նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը Ս. Զատկի իրենց վերջին պատգամներուն մէջ ողջունեցին մեր փոխանորդը։ Մեր երկրի Հանրապետութեան նախագահը նամակ մը ուղարկած է փոխանորդին։ Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքական Աթոռը այժմ թափուր է՝ մենք պէտք է առանց նախագահի գումարէինք Կրօնական ժողովը, բայց այդպէս չեղաւ։ Փոխանորդ սրբազանը կը նախագահէր։ Հետեւաբար, ինչպէս ըսի, նման իրավիճակի մը մէջ ես չեմ փափաքիր դառնալ խնդրայարոյց անձ մը»։

Այս յայտարարութիւններուն լոյսին տակ յայտնի կը դառնայ, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անձնական նկրտումներէ հեռու, հասուն ու պաղարիւն մօտեցումով մը կը դիտարկէ ներկայ իրավիճակը։ Յամենայնդէպս, ան ներկայիս յարմար կը դատէ վերջնական խօսք մը ըսելու համար վերջին հաշուով սպասել պետութենէն գալիք պատասխանին։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ

Միւս կողմէ, հարկ է յիշեցնել, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովին ընթացքին յայտնած էր, որ առանց ժամանակ կորսնցնելու պէտք է ձեռնարկել պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին եւ այդքան էական նշանակութիւն մը չէր վերագրած այդ աշխատանքներու փոխանորդով մը կամ տեղապահով մը յառաջ տարուելուն։ Շիրինօղլուի այդ օրուան խօսքերն ալ ներկայիս կը բիւրեղանան, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մեկնարկը պիտի տրուի՝ յաչս պետութեան կատարուած դիմումի պատասխանին մէջ նախատեսուելիք ձեւով։

Երէկ սրբազաններուն կողմէ նահանգապետարան տրուած այցելութեան եւ Կրօնական ժողովի վերջին նիստին կապակցութեամբ փորձեցինք կարծիքը շօշափել նաեւ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ ներկայ փուլին յարմար չի դատեր յայտարարութիւն մը ընել, որովհետեւ կը փափաքի բացարձակապէս անկողմնակալ մնալ։ Ան աւելցուց, որ նման իրավիճակներու մէջ իր խօսքերուն հիման վրայ յաճախ կը կատարուին վերագրումներ, ուստի, այս փուլին կը նախընտրէ պահել լռութիւն։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2019