ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան քաղաքական խորհրդակցութիւնները կը շարունակէ՝ երդուելու եւ պաշտօնը ստանձնելու ընդառաջ։ Երէկ ան հանդիպում մը ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։ Ծանօթ է, որ այս երկու անունները մօտաւոր անցեալի ընտրութիւններուն ժամանակ մրցակիցներ էին։ Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին անոնք եղած էին անխուսափելի թեկնածուները՝ առաջին փուլին առաւելագոյն ձայները հաւաքած ըլլալով։

Երէկուան հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն ունէր Արցախի ներքին քաղաքական մթնոլորտին մէջ համերաշխութեան վերահաստատման տեսակէտէ։ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ նոյն տրամադրութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ ներկայացուցած է Մասիս Մայիլեանի հետ ունեցած հանդիպումը։ Դիմատետրի իր էջին մէջ այս կապակցութեամբ ան գրած է հետեւեալը. «Կառավարման հիմքին դնելով հանրային եւ քաղաքական միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ այսօր հանդիպեցայ Արցախի Արտաքին գործոց նախարար եւ համապետական վերջին ընտրութիւններու նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեանի հետ։ Քննարկեցինք մեր հայրենիքի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն եւ տարածքաշրջանային վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ շարք մը հարցեր։ Մեր երազանքներու Արցախի կառուցման ապագայ գործընթացներուն տեսակէտէ կարեւորեցինք երկրէ ներս փոխադարձ յարգանքի ու համերաշխութեան լիակատար մթնոլորտի ստեղծումը»։

Արայիկ Յարութիւնեան այս շրջանին լայնախարիսխ մօտեցումով քաղաքական խորհրդակցութիւններ կ՚ունենայ։ Ան նախընթաց օր ալ տեսակցած էր Արցախի հերոս ու Պաշտպանական բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Պապայեանի հետ։

Միւս կողմէ, Ստեփանակերտի մէջ ընտրութիւններու յաջորդած ներկայ ժամանակաշրջանին կայ բաւական եռուն քաղաքական խորհրդակցութիւններու երթեւեկ մը, ինչ որ նոր խմորումներու գետին կը պատրաստէ։ Այսպէս, վերջին օրերուն տեսակցեցան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան (Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար), Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիթալի Բալասանեան (Արդարութիւն կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու)։ Եռակողմանի այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ գործընթացները եւ քաղաքական ուժերուն կողմէ համապատասխան նիւթերու շուրջ կարծիքներու փոխանակման կարելիութիւն ստեղծելու վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերը համաձայնեցան շարունակել խորհրդակցութիւնները։

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020