ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ՉԷ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան երէկ մասնակցեցաւ երկրի Ազգային ժողովի կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերով մշտական յանձնաժողովի նիստին։ News.am-ի հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին ան ըսաւ. «Մենք կը մեկնինք արտասահման եւ կ՚այցելենք հայկական սփիւռքի զանազան համայնքներ, սակայն հայրենադարձութեան աջակցումը մեր առաջնահերթութիւնը չենք համարեր։ Չափազանց կարեւոր է, որ աշխատանքով ապահովուած ըլլան այն մարդիկ, որոնք հայրենիք կը վերադառնան։ Ես պէտք է ըսեմ, որ մենք պատրաստ չենք զանգուածային հայրենադարձութեան։ Եթէ նման բան մը տեղի ունենայ, եկէ՛ք անկեղծ ըլլանք՝ մենք պարզապէս պատրաստ չենք»։
Յանձնակատարը իր ելոյթին մէջ դիտել տուաւ, որ իրենք որդեգրած են՝ Հայաստանի մասին հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն աւելի շատ տեղեկութիւն տրամադրելու նպատակը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թաւշեայ յեղափոխութենէն անմիջապէս վերջ սփիւռքահայերուն կոչ ուղղած էր վերադառնալ հայրենիք եւ յայտնած էր իշխանութիւններու՝ զանգուածային հայրենադարձութիւն կազմակերպելու մտադրութեան մասին։
Բաց աստի, Զարեհ Սինանեան նշեց. «Հայաստանի կառավարութեան առջեւ կանգնած է յառաջիկայ երեսուն տարուայ ընթացքին 2-2.5 միլիոն մարդու հայրենադարձութիւնը ապահովելու ռազմավարական խնդիրը։ Սակայն, այս բանը ընելու համար եւ հիմնաւոր ընելու համար, պատասխանատու ու երկարաժամկէտ հիմքերով, անհրաժեշտ պիտի ըլլայ համապատասխան պայմաններ ստեղծել։ Այս ուղղութեամբ գլխաւոր տարր կը հանդիսանայ տնտեսական աճը»։