ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՉԿԱՅ…
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան յայտարարեց, որ թէ՛ տարածքներու եւ թէ կարգավիճակի առումով անցեալի վերադարձ պիտի չըլլայ։ Բակօ Սահակեան, որ կը պատրաստուի նախագահի պաշտօնը փոխանցել իր նորընտիր յաջորդին՝ Արայիկ Յարութիւնեանին, երէկ, մասնակցեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի լիագումար նիստին։ Խորհրդարանի ժողովին ընթացքին ան վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կատարեց՝ անդրադառնալով Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին պնդումներուն, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս կը քննարկուին այնպիսի նախագիծեր, որոնք փուլային տարբերակ կ՚ենթադրեն։ Բակօ Սահակեան յայտնեց, որ Հայաստանի իրենց գործընկերները արդէն իսկ պաշտօնապէս յայտարարած են, թէ քննարկման առարկայ փաստաթուղթ մը գոյութիւն չունի։ Արցախի իշխանութիւններն ալ պիտի շարունակեն դիւանագիտական կարողութիւններ գործադրել եւ շարունակել աշխատանքները այն կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք գործունէութիւն կ՚իրականացնեն ընդհանուր համազգային ճակատի վրայ։
«Ղարաբաղեան հիմնախնդրին անդրադառնալու ժամանակ՝ մենք կը խօսինք մեր ճակատագրի մասին։ Բոլոր հարթակներու վրայ, բոլոր հանդիպումներու ընթացքին՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հետ հանդիպումները, ես հնարաւորութիւն ունեցած եմ մեր երկրի տեսակէտը ներկայացնելու։ Քանիցս հրապարակաւ յայտարարած եմ, որ կը յարգեմ եւ այսուհետեւ եւս պիտի յարգեմ այն առաքելութիւնը, զոր կ՚իրականացնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը։ Արդարեւ, կը համարեմ, որ յարաբերական խաղաղութիւնը կ՚ապահովուի նաեւ անոր առաքելութեան շնորհիւ», ըսաւ Բակօ Սահակեան եւ ընդգծեց, որ միջնորդներու հետ կայացած բոլոր հանդիպումները անցած են փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտին մէջ եւ ինք նշած է, որ Արցախի անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը սակարկութեան ենթակայ չեն։
Բակօ Սահակեան խորհրդարանի ելոյթին ժամանակ ընդգծեց, որ իր պաշտօնավարութեան տարիներուն որեւէ շեղում չէ եղած թէ՛ Արցախի դիրքորոշումներէն եւ թէ սկզբունքներէն։ Բակօ Սահակեանի խօսքով՝ այս հակամարտութիւնը աշխարհի ամենաբարդ հիմնախնդիրներէն մին է, որ կը ներառէ բազմաթիւ պահանջներ։ «Մենք պարտաւոր ենք այդ բոլորը հաշուի առնելով եւ յարգելով միջազգային հանրութեան շահագրգռութիւնը՝ հիմնախնդիրը խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծման հասցնելու, այնուամենայնիւ շարունակելով մնալ մեր դիրքորոշման մէջ։ Մենք յարգած ենք եւ պիտի յարգենք համանախագահներու այս կամ այն առաջարկները, հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ անոնց անկեղծ ջանքերը», յայտնեց Բակօ Սահակեան։
ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ
Միւս կողմէ, արցախեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գծի արեւելեան (Մարտունի) հատուածին վրայ տեղակայուած հայ-կական յառաջապահ դիրքերը վերջին օրերուն ենթարկուեցան յարձակման։ Դէպքը տեղի ունեցաւ 29 ապրիլին։ Ատրպէյճանի զօրքերը արձակեցին 60 միլիմեթրնոց ականանետեր։
Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ դէպքին հետեւանքով Արցախի ստորաբաժանումները որեւէ կորուստ չեն կրած: Հայկական ստորաբաժանումներուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններէն վերջ Ատրպէյճանի զօրքերու աշխուժութիւնը կասեցուեցաւ: «Հարկ կը համարենք նշել, որ սա 2019 թուականի յունիսէն ի վեր առաջին անգամ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ հայկական դիրքերուն դէմ ականանետային զինատեսակ կիրարկուեցաւ: Միեւնոյն ժաժանակ աւելցնենք, որ օրուայ ընթացքին շփման գծի զանազան հատուածներու մէջ հրադադարի խախտման դէպքեր արձանագրուած են նաեւ հրաձգային այլ զինատեսակներով: Այս պահու դրութեամբ առաջնագծին վրայ իրավիճակը հանգիստ է: Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը», հաղորդեցին Ստեփանակերտի աղբիւրները: