94-ԱՄԵԱՅ ՀՐԱՆՈՅՇ ՄԱՅՐԻԿԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՑ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԸ

Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուած երէց սերունդէ հիւանդ մը առողջացաւ, ինչ որ համաճարակի առկայ տխուր մթնոլորտին մէջ ուրախութեամբ ընկալուեցաւ հանրային կարծիքին կողմէ։ Այսպէս, բուժման բարեյաջող աւարտէն վերջ հիւանդանոցէն դուրս եկաւ 94-ամեայ Հրանոյշ մայրիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Հայաստանի ամենատարեց վարակեալն էր։ 1927 թուականին ծնած Հրանոյշ մայրիկը արդէն յաղթահարած է քորոնաժահրը։

Հայաստանի մէջ ցայսօր քորոնաժահրով վարակուած 70 տարեկանէ աւելի բարձր շուրջ 50 հոգի հիւանդութիւնը յաղթահարած եւ դուրս եկած է հիւանդանոցէն։  

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2020