ԴԻՄԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Արցախի երկրորդ պատերազմի եւ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ հայաշխարհը կը դիմագրաւէ շատ ծանր շրջան մը։ Հայաստանի մէջ եւ դուրս հայկական մեծ զանգուածներ տագնապալի կացութիւններու դէմ յանդիման մնացած են։ Այդ բոլորի յաղթահարման համար զանազան հարթութիւններու վրայ յառաջ կը տարուին ջանքեր։ Այս որոնումներէն անմասն չէ նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ), որու նախաձեռնութեամբ հայաշխարհի կարիքներու դիմագրաւման ուղղեալ ծրագիրներ կը մշակուին։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս ՀԲԸՄ կազմակերպեց դիմակայութեան գագաթաժողով մը՝ առցանց ձեւաչափով։ Հեռավար երկօրեայ քննարկումներու ընթացքին խնդիրը ծեծուեցաւ զանազան երեսակներով։ Դիմակայութեան այս գագաթաժողովի յաջորդած մթնոլորտին մէջ արդէն կը խմորուին զանազան մօտեցումներ եւ կը հասուննան որոշ ծրագրեր, որոնք պիտի ծառայեն վերոյիշեալ նպատակներուն։

ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին կողմէ վերջերս այս դիմակայութեան առցանց գագաթաժողովին վերաբերեալ հրապարակուեցաւ մանրամասն հաղորդագրութիւն մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Ի արձագանգ այն կորուստներուն, զորս հայերը ամէնուրեք կրեցին քորոնաժահրի համավարակի ու Արցախի պատերազմին հետեւանքով՝ ՀԲԸՄ՝ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի (ՀԱՀ) եւ Հոգեկան առողջութեան հայկական նախաձեռնութեան (ՀԱՀՆ) հետ միասնաբար կազմակերպեց առցանց գագաթաժողով մը՝ յարափոփոխ ճգնաժամերու հոգեընկերային միտումներու նիւթով: Երկու մասէ բաղկացած այս առցանց միջոցառումը հիւրըկալուած էր ՀԲԸՄ-ի Հայկական համացանցային համալսարանին կողմէ զանազան մասնագէտներու ներկայութեամբ։ Կապ հաստատուեցաւ 26 երկիրէ 200 մասնակիցի հետ:           

Առցանց գագաթաժողովի իւրաքանչիւր օրուան ծրագիրը բաժնուած էր բազմաթիւ մասերու, որոնց ընթացքին արծարծուեցան ճգնաժամի յաղթահարման տարբեր ուղղութիւնները՝ ընկերային ցանցերով գերբեռնուածութենէն ու լրատուական ապատեղեկատուութենէն, մինչեւ գործնականութեան սպառուածութիւն, հայոց պատմութեան նախկին ողբերգութիւններէն սկիզբ առած չամոքուած հոգեցնցումներ, Հայաստանէն հասած մտահոգիչ տեղեկութիւններով ու պատկերներով յագեցած անդադար հաղորդումներ: Նիստերէն իւրաքանչիւրը կը վարէր նախագահութիւնը՝ մասնակցութեամբ տուեալ ոլորտին մէջ հեղինակութիւն ունեցող անհատներու, հոգեկան առողջութեան ոլորտի մասնագէտներու, հետազօտողներու, մանկավարժներու ու լրատուադաշտի մասնագէտներու: Անոնք ո՛չ միայն կը վերլուծէին խնդիրները, այլեւ գործնական լուծումներ կ՚առաջարկէին ու ոգեւորիչ խօսքեր կը յայտնէին՝ մեկնելով իրենց մասնագիտական իմացութենէն, ինչպէս նաեւ բուժարանային ու անձնական փորձառութենէն:     

Պարզաբանելով գագաթաժողովին կազմակերպման դրդապատճառները՝ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ կրթութեան հարցերով մասնագէտ Լենա Սարգսեան ըսաւ. «Պատերազմները չեն դադրիր նոյնինքն զինադադարի օրը, այլ կը շարունակեն ապրիլ խմբային յիշողութեան մէջ, եւ անով իսկ պայմանաւորուած են ժողովուրդի մը գալիք հեռանկարը» ու յաւելեց, որ մասնագիտական հանրութեան օգնութեամբ կարելի կը դառնայ ուսումնասիրել այն ուժը, որ կրնայ հաղորդել դիմակայունութեան ամրապնդումը:

Առաջին նիստին, որ կը վարէր լրագրող ու ոլորտի գաղափարական յառաջատարներէն Լարա Սեդրակեան, անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեբանական տեսակէտէ պատերազմի ներգործութեան հարցերուն: Այդ հարցին շուրջ ելոյթ ունեցաւ հոգեբոյժ ու գրող, պատերազմի վեթերաններու բարոյական վնասներու եւ յետցնցումային ընկճախտի մասնագէտ տքթ. Էտուարտ Տիք՝ հիմք ընդունելով «Պատերազմը եւ հոգեկանը, վիրաւոր հասարակութեան ապաքինումը» խորագրով իր դասընթացքը: Տքթ. Տիք մատնանշեց այն ընդհանրութիւնները, որոնք կ՚ունենան քաղաքացիներն ու պատերազմէն վերադարձածները՝ պնդելով, որ երկու պարագաներուն ալ հոգեկանը կը տուժէ ու երկուստեք կը փորձեն թաքցնել անտեսանելի վէրքերը: Կոտրուած ոգիով ապաքինումը, ըստ տքթ. Տիքի եզրայանգումին, կրնայ տեղի ունենալ համայնքէն ներս հոգեւորի մը առկայութեան պայմաններուն մէջ:

Երբ լիագումար նիստին կը քննարկուէր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է վերագործարկել հոգեկանը, յաջորդ լիագումար նիստի նիւթը «Վիշտի կառավարում»ն էր, որ կը վարէր մանկավարժ ու շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան ղեկավար Նանոր Պալապանեան: Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք վերագործարկել մեր ուղեղները: Ամուսնութեան ու ընտանեկան հարցերով հոգեբոյժներ՝ Տեպի Ճենքընս Ֆրենքըլի, Մարք Ֆրենքըլի եւ Թամար Սվաճեանի, ինչպէս նաեւ հոգեցնցումներու գծով մասնագէտ Գեղանի Մարտիկեանի հետ զրոյցը կեդրոնացած էր հին վէրքերու սպիացման հարցերուն վրայ: Լիագումար նիստի մասնակիցները համաձայն գտնուեցան, որ ուժեղ կողմերու վրայ հիմնուած հոգեբուժումի տարբեր եղանակները, առաւելապէս վերականգնողական հոգեբուժումը, կրնան օգնել ապաքինումի գործընթացին մէջ:

Ապա զրոյցը վերածուեցաւ քննարկումի՝ առ այն, թէ ինչպէ՛ս Արցախի պատերազմին որքան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է թուային լրատուամիջոցը եւ թէ ան ի՛նչ վնասներ հասցուցած է ընկերային ցանցերու այն օգտատէրերուն, որոնք առընչուած են Ատրպէյճանի հովանաւորած ապատեղեկատուական արշաւներուն, պատերազմի հոգեցնցիչ պատկերներուն, ինչպէս նաեւ պատկերասփիւռներուն կառչած ըլլալու հետեւանքներուն:

Յաջորդ լիագումար նիստի խորագիրն էր՝ «Պէտք չէ պարզապէս բողոքել համացանցէն, ընկերային լրատուա-միջոցներու ծուղակներուն շրջանցումը»: Զայն կը վարէր մանկավարժ Անի Շահպազեան: Ելոյթ ունեցան ամուսնութեան ու ընտանեկան հարցերով հոգեբոյժ եւ զայրոյթի կառավարման մասնագէտ Անիթա Աւետեան, հոգեբոյժ Լարա Գ. Շիրիկճեան եւ Լարա Սեդրակեան: Անոնք ներկայացուցին այն հնարքները, որոնց օգնութեամբ կարելի է ընկերային լրատուամիջոցներու խաչմերուկներուն խուսափիլ նման ծուղակներէ:

Լրագրող Սեդրակեանի կարծիքով՝ պատասխանը շատ պարզ է. անհրաժեշտ է գտնել անձին յարմար «տեղեկատուական ճաշացանկ» ու երկար ժամանակով ցածցնել լուրերու հաղորդման ձայնը: «Պէտք չէ կարդալ ամէն ինչ: Հանդարտեցէ՛ք ու խնայեցէ՛ք ձեր եռանդը», կը կարծէ ան: Թէեւ ընկերային լրատուադաշտի անյագուրդ սպառումը շատ կարեւոր խնդիր մըն է, որ, հաւանաբար, կ՚անդրադառնայ գալիք սերունդներուն վրայ, տուեալներու վրայ հիմնուած բժշկութեան մասնագէտ Երատօ Աբրահամեան շեղեցաւ նիւթէն՝ կեդրոնանալով մեր նախնիներէն ժառանգած հոգեցնցումի, ինչպէս նաեւ բնախօսական ու հոգեբանական վերափոխումներու ընթացքին յառաջ շարժելու միջոցներուն վրայ:   

«Միջսերնդային ցաւ, տագնապ, անորոշութիւն եւ ներքին քննադատի լռեցում» այս խորագրին միասնաբար վերլուծեցին բուժարանի հոգեբան ու AMHI-ի հիմնադիր գործադիր տնօրէն Երազ Մարգարեան, բուժարանի հոգեբան ու AMHI-ի գործադիր համատնօրէն Վալենթինա Օգարեան։ Անոնք անդրադարձան ընկերային կապերու կիրարկումին՝ որպէս «յուզական կենսանիւթի», եւ թէ ինչպէ՛ս կարելի է յոյսի օգնութեամբ հասնիլ դիմակայունութեան ամրապնդումի:      

Գիտակցելով, որ ծիծաղը յաճախ կրնայ լաւագոյն դեղամիջոցը ըլլալ ընկճախտն ու թախիծը յաղթահարելու՝ բոլոր մասնակիցները միակարծիք գտնուեցան, որ գագաթաժողովի առաջին օրուան եզրափակումը պէտք է կատարէ ոչ այլ ոք, քան դերասան, նկարիչ ու գրող Հրաչ Պէրպէրեան, որ աշխարհին յայտնի է իր սուր զուարթախոհութեամբ ու մենախօսական (stand-up) ոճի ներկայացումներով: Պէրպէրեան փիլիսոփայօրէն կ՚ապացուցէ, որ դիմակայունութիւնը՝ սիրոյ, եւ սէրը, իր հերթին, արուեստի միջոցով կրնայ ապաքինել մեր ազգը: «Մենք պէտք է մենք մեզի նայինք հայելիին մէջ՝ թէ՛ որպէս անհատներու, թէ՛ որպէս մէկ ազգի, որովհետեւ մեր ազգային բնութագիրը ամփոփումն է այն բոլորին, ինչ որ մեզմէ կը ներկայացնենք անհատապէս»:

ՀԱՀ Թուրփանճեան հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի ղեկավար տքթ. Վարդուհի Պետրոսեանի ողջոյնի խօսքէն ետք սկսան երկրորդ օրուան նիստեր։ Տքթ. Վարդուհի Պետրոսեան եւ Սուրբ Ներսէս ճեմարանի հայ քրիստոնէական գիտութիւններու դասախօս տքթ. Ռոպերթա Էրվին միասնաբար անդրադարձան ցեղասպանութիւնը վերապրած սերունդի դիմակայունութեան հարցերուն: Վերջինս անդրադարձաւ ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն ուղեկցող մեղադրանքի ու մեղքի զգացողութեան, ինչ որ չափազանց բնորոշ զգացողութիւն է առաջին պատերազմը, երկրաշարժը, Լիբանանի պայթումը, այժմ ալ նաեւ Արցախի պատերազմը վերապրած մարդոց համար: Այդուհանդերձ, բարութեան, միասնութեան ու դիմակայունութեան յանկարծակի դրսեւորումները պատմականօրէն ապահոված են հայ ազգին միասնականութիւնը եւ այս դասէն կրնանք օգտուիլ այսօր եւս:   

Յաջորդ լիագումար նիստին քննարկուեցաւ ներկայ իրադրութիւնը հետեւեալ նիւթով՝ «Ինչի՞ ականատեսն ենք հիմա, ինչպէ՞ս կը դիմագրաւենք». խօսնակ՝ մանկական հոգեբոյժ տքթ. Լուիս Մ. Նաճարեան՝ մասնակցութեամբ բանախօսներ տքթ. Խաչատուր Գասպարեանի եւ տքթ. Սեւան Մինասեանի, որոնք իրենց գործունէութիւնը կը ծաւալեն, համապատասխանաբար, Հայաստանի ու Ֆրանսայի մէջ: Դիտարկելով խնդիրը տեղացիի եւ սփիւռքի ներկայացուցիչի աչքերով՝ երկուքն ալ անմիջականօրէն անդրադարձան, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յաղթահարել Հայաստանի մէջ ձեւաւորուած յուսահատութիւնը: Նման զգացողութիւններու հակադրուելու միակ միջոցը, ըստ բոլոր մասնակիցներուն, ցաւը գիտակցիլն է՝ անով իսկ ձեւաւորելով հանդուրժողականութիւն ու վստահութիւն:

Որպէս նախորդին բնականոն շարունակութիւնը՝ օրուան յաջորդ լիագումար նիստին պատասխան տրուեցաւ հարցումի մը, որ բոլորին մտքին մէջ էր. «Ո՞ւր կ՚երթանք մենք»: Անդրադառնալով յետցնցումային վերականգնումի ռազմավարական համակարգերու նիւթին, բուժարանի հոգեբան տքթ. Անի Գարայեան, ՀԱՀ-ի դասախօս փրոֆ. Վահէ Խաչատուրեան եւ հոգեբոյժ տքթ. Նաճարեան եզրափակեցին իրենց խօսքը՝ համակարծիք գտնուելով, որ նախապէս տեղի ունեցած աղէտներու մասին ուսումնասիրութեանց ծանօթանալը կրնայ օգնել վերապատրաստում անցած մասնագէտներուն հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է անդորր գտնել ներկայիս՝ բնակչութեան բնորոշ կարիքներու բաւարարման համար անհրաժեշտ միջոցառումներու գործադրումով: Տքթ. Խաչատուրեան լաւագոյնս ամփոփեց այդ միտքը. «Այս բոլորէն կրնանք դաս մը քաղել, որ է՝ դրսեւորել ու զարգացնել անձնական բնոյթի գործօնները՝ կրթութիւն, դրական մտածողութիւն ու ողջախոհութիւն: Մենք կողմնակից ենք արդիւնաւէտ ու տուեալներով յագեցած թիրախային միջոցառումներու»:

Գագաթաժողովի աւարտական լիագումար նիստը կը վերաբերէր Հայաստանի բարեյաջող ապագայի կերտումին եւ գործարարութեան ու կեանքի մէջ դիմակայունութեան: ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Հայկական համացանցային համալսարնի հիմնադիր նախագահ տքթ. Երուանդ Զօրեան զրուցեց «Սինոփսիս Հայաստան» ընկերութեան հետազօտութեանց ու զարգացումի գծով աւագ պատասխանատու Հռիփսիմէ Յակոբեանի, գործարարական հրահանգիչ ու զարգացումի հարցերով ղեկավար Ռիթա Յովակիմեանի եւ համաշխարհային ապրանքանշումի մասնագէտ Վազգէն Գալայճեանի հետ: Լիագումար նիստին քննարկուեցան յաջող գործարարութեան ու կենսակերպի հետ կապուած լաւագոյն փորձի, այդ կարգին՝ մտակեդրոնացումի, արժէքներու վը-րայ հիմնուած կազմակերպութիւններու ու լաւատեսութեան ձեւաւորման օրինակներ: «Երբ կեանքի մէջ տեղի կ՚ունենան դժուարին բաներ, եթէ չունենանք կուռ դիմակայունութիւն, ինչպէս նաեւ դժուար իրավիճակներուն լաւատեսօրէն նայելու ունակութիւն, ապա մենք կորսուած ենք», ըսաւ Գալայճեան, որ անձամբ ականատես եղած է այնպիսի դէպքերու, երբ ձեռնարկութիւնները կործանած են՝ գլխաւոր գործադիր ղեկավարութեան անձնական անլոյծ խնդիրներուն պատճառով: «Այդ նիւթին շուրջ տեսլական ունենալն ու զայն արժեւորելը չափազանց կարեւոր են եւ անոնց օգնութեամբ մենք կրնանք զանոնք կիրարկել մեր անձնական կեանքին մէջ», ըսաւ ան:

Իր ամփոփիչ խօսքին մէջ տքթ. Զօրեան նշեց, որ մասնակիցներու ժողովրդագրական պատկերին վրայ տեղ գտած էին բոլոր տարիքային խումբերը՝ զանազան երկիրներէ: «Սա կ՚ապացուցէ, որ դիմակայունութիւնը անհրաժեշտութիւն է՝ անկախ անկէ, թէ ո՛ր տարիքային խումբին մէջ ենք կամ ո՛ր երկրէն», ըսաւ ան, իսկ այնուհետեւ յայտարարեց, որ դիմակայունութեան հետ կապուած նմանատիպ ունին, սակայն հայերէն գագաթաժողովը գարնան պիտի կազմակերպուի:        

Առցանց զրուցասրահին մէջ գրի առնուած դրական ու շնորհաւորական մեկնաբանութիւնները անգամ մը եւս հաւաստիացուցին, թէ այս միջոցառումը որքա՛ն անհրաժեշտ ու շատոնց սպասուած էր աշխարհասփիւռ հայ համայնքներուն համար:

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021