ՁԻԹԵՆԻԻ ՃԻՒՂ ՉԿԱՅ

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու կողմնակից է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքի շրջանակներէն ներս։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պաքուի մէջ Լիթվայի արտաքին գործոց նախարարին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Ճէյհուն Պայրամով ըսաւ. «Ատրպէյճան ամենայն պատասխանատուութեամբ կ՚իրականացնէ ստանձնած պարտաւորութիւնները, գերիներու փոխանակումը աւարտած է նոյեմբերի վերջաւորութեան»։ Ան հերթական անգամ պնդեց, թէ Ատրպէյճանի մէջ այժմ պահուող 62 հայ զինուորները ձերբակալուած են հրադադարէն յետոյ եւ անոնց գործողութիւններուն պէտք է իրաւական գնահատական տրուի։

Ճէյհուն Պայրամով դիտել տուաւ նաեւ, որ միջազգային հանրութիւնը ճըն-շում պէտք է գործադրէ Հայաստանի վրայ՝ ականապատուած տարածքներու քարտէսներու տրամադրման համար։ Ըստ իրեն, հայերը երեսուն տարի շարունակ տարածքները ականապատած են՝ հակառակ միջազգային գործընկերներու կոչերուն։ Ան պնդեց, որ Հայաստան այժմ կը հրաժարի Ատրպէյճանին տրամադրել այդ տարածքներու քարտէսները։ Պայրամով համոզուած է, որ աշխարհի երկիրները, միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք չէ անտարբեր մնան այս խնդրի նկատմամբ։ «Կը ձեռնարկուին համակարգուած եւ հետեւողական քայլերու՝ տեղահանուածները ազատագրուած տարածքներ վերադարձնելու ուղղութեամբ», յայտնեց Պայրամով։

 Այս բոլորէն վերջ Ճէյհուն Պայրամով նշեց, որ Ատրպէյճան վճռականօրէն կը նայի ապագային։ «Ատրպէյճան հանդէս կու գայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ի նպաստ՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան սկզբունքներու շրջանակէն ներս։ Այս մօտեցումը պէտք է բխի միջազգային բոլոր դերակատարներու շահերէն», աւելցուց ան։

Կը հաղորդուի, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած այս նոյն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Լիթվայի Արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլիուս Լանտսպերկ «պատմական ճշմարտութիւն» որակած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ան վերջերս այցելած էր նաեւ Երեւան։

Միւս կողմէ, «The Economist» բրիտանական պարբերականը ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձաւ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին, յարակից հարցերուն, Թուրքիա-Հայաստան եւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ Երեւանին առաջարկուածը ո՛չ թէ ձիթենիի ճիւղ մըն է, այլեւ՝ պարտութեան հետ համակերպելու պահանջ մը։

Յօդուածին մէջ մատնանշուած է, որ թէեւ Անգարայի պաշտօնական շրջանակները վերջին ամիսներուն կը խօսին Երեւանի հետ յարաբերութիւններու մէջ հաւանական նոր շրջափուլի մը սկիզբին մասին, սակայն, գործողութիւնները հակառակը կ՚ապացուցանեն։

Անգլիական պարբերաթերթը մատնանիշ ըրած է նաեւ Պաքուի մէջ բացուած «Ռազմական աւարի պուրակը» եւ այս վերջինը համարած՝ զարհուրելի։

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021