ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Արցախի երկրորդ պատերազմի յաջորդած մթնոլորտի մէջ հայկական զինեալ ուժերու պարագային ձեռնարկուած է լայնածաւալ բարեփոխումներու, որոնք յառաջ կը տարուին Երեւան-Մոսկուա դաշնակցային յարաբերութիւններու շրջանակներէն ներս։ Այս կապակցութեամբ վերջին շրջանին սերտ կապի մէջ են թէ՛ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահները եւ թէ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու։

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Միւս կողմէ, Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը ամբողջ թափով կը շարունակուի նաեւ ռազմական ոլորտի մէջ։ Այսպէս, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց թրքական պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Պաշտպանական արդիւնաբերութեան կոմիտէի նախագահ Իսմայիլ Տեմիրի։ Հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան երկկողմանի ռազմաթեքնիք համագործակցութեան օրակարգային հարցերը։ Նախանշուեցան նոր համատեղ նախագծերու իրականացման ուղիները՝ նկատի ունենալով արդի մարտական գործողութիւններու երեւոյթները։

Շաբաթ, Մայիս 1, 2021