ԱՄՆ ԳՈՐԾԻ ԳԼՈՒԽ

Մինչ Հայաստան-Ատրպէյճան լարուածութիւնը կը մագլցի՝ Արցախի շրջափակման խորացումով հանդերձ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները արդէն գործի գլուխ անցած է։ Անցեալ շաբաթ Մոսկուայէն տեղեկացուած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայն գտնուած են՝ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ տեսակցելու համար։ Ներկայիս այդ հաւանական շփումը կը կանխեն Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած բանակցութիւնները։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով արդէն Ուաշինկթընի մէջ են՝ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նախաձեռնութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ սա Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ պայմանագրի շուրջ քննարկումներու հերթական փուլն է։ Ամերիկեան կողմը այս փուլին կը փորձէ հասնիլ տարաձայնութիւններու յաղթահարման, խաղաղութեան համար ճանապարհային քարտէսի մը մշակման։ Ըստ «Թուրան» գործակալութեան, Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը կրնայ տեւել քանի մը օր։ Եթէ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին կարելի ըլլայ մշակել խաղաղութեան ճանապարհային քարտէսը, ապա գործը պիտի աւարտէ Եւրոպան՝ ընդունելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որպէսզի քանի մը շաբթուան ընթացքին կնքուի խաղաղութեան պայմանագիրը։

Ուաշինկթընի ներկայ բանակցութիւններուն շուրջ թէեւ աւելի մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր, սակայն, նախօրէին Էնթընի Պլինքըն արդէն հեռախօսազրոյցներ ալ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Պլինքըն յատկապէս անդրադարձած է Լաչինի միջանցքի առկայ վիճակին։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023