ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՀԻՄՆՈՒԻ «BAYRAKTAR» ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլ։ Երկու նախագահները միասնաբար մասնակցեցան «Teknofest» փառատօնին՝ առաջին տիկիններուն հետ։ Անոնք վարեցին նաեւ թրքական արտադրութեան «TOGG» ինքնաշարժը, որու ղեկին էր Ալիեւ։ Փառատօնի առթիւ երկու նախագահները հանդէս եկան նաեւ խանդավառ ելոյթներով։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, նախընտրական գործընթացի մէջ Էրտողանին տեսակէտէ զօրակցութեան հսկայ հանրահաւաքի մը բնոյթը ունէր։

Իսթանպուլի մէջ Ալիեւ հերթական անգամ Էրտողանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ «Ան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան առանձին չէ, Թուրքիա Ատրպէյճանի կողքին է եւ սա մեզի շատ աւելի ուժ եւ ոգի տուաւ», ըսաւ Ալիեւ։

Իսթանպուլի մէջ Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուց նաեւ, որ Ատրպէյճանի մէջ պիտի հիմնուի թրքական «Bayraktar» կեդրոն մը։ Համապատասխան ընկերութեան տնօրէն Սելչուք Պայրաքթարին հետ համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի նոր ստեղծուելիք այդ կեդրոնէն ներս արտադրական ու կրթական գործունէութիւն ծաւալուի։ Սելչուք Պայրաքթար Իլհամ Ալիեւին նուիրեց իր ղեկավարած ռէաքթիւ, գերձայնային անօդաչու մարտական թռչող նոր սարքը, որ կը կոչուի «Kızılelma»։ Պայրաքթար յոյս յայտնեց, որ մօտաւոր ապագային «Kızılelma»ն Ատրպէյճանի երկինքին ալ կը գտնուի։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023