«ՄՈՍԿՈՒԱ ԿՐՆԱՅ ՇԻՆԻՉ ԴԵՐ ՄԸ ԽԱՂԱԼ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»

ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ յայ­տա­րա­րեց, որ Ռու­սաս­տան տա­կա­ւին կրնայ շի­նիչ դեր մը խա­ղալ հա­մաշ­խար­հա­յին գոր­ծե­րուն մէջ։ Ըստ ի­րեն, Մոս­կուա միայն պի­տի շա­հի, ե­թէ հա­մա­գոր­ծակ­ցի դա­շին­քին հետ։ Ե­րէկ, Վար­շա­ւիոյ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին Սթոլ­թեն­պերկ ը­սաւ.

«ՆԱ­ԹՕ հան­դէս կու գայ Ռու­սաս­տա­նի հետ վստա­հե­լի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու պատ­գա­մով։ Մենք պատ­րաստ ենք երկ­խօ­սու­թիւն վա­րե­լու, մենք կը ջա­նանք յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կա­ռու­ցել, ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի մի­տուած ենք Ռու­սաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տանք, թէ սա կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ ոչ միայն մեր, այլ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի շա­հե­րուն։ Իմ ու­ղեր­ձը եր­կի­մաստ չէ։ ՆԱ­ԹՕ առ­ճա­կա­տում չի փնտռեր Ռու­սաս­տա­նի հետ։ Մենք չենք փա­փա­քիր նոր Պաղ պա­տե­րազմ մը։ Մենք չենք փա­փա­քիր սպա­ռա­զի­նում­նե­րու նոր մրցա­վազք»։

­Բաց աս­տի, ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը մատ­նան­շեց, թէ Ռու­սաս­տան ՆԱ­ԹՕ-ի ա­մե­նա­մեծ հա­րե­ւանն է ու ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ եւ տա­կա­ւին կրնայ շի­նիչ դեր մը խա­ղալ հա­մաշ­խար­հա­յին գոր­ծե­րուն մէջ։ Որ­պէս դրա­կան օ­րի­նակ ան յի­շե­ցուց Ռու­սաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ Ի­րա­նի մի­ջու­կա­յին ծրագ­րի եւ Սու­րիոյ քի­միա­կան զի­նա­նո­ցի ոչն­չաց­ման վե­րա­բե­րեալ ի­րադ­րու­թեան կար­գա­ւոր­ման։ Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի խօս­քե­րով՝ ՆԱ­ԹՕ-ի տե­սա­կէ­տէ անհ­րա­ժեշտ է առ­նուազն ա­ւե­լի կան­խա­տե­սե­լի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ Ռու­սաս­տա­նի հետ։

«ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ­նե­րը կողմ­նա­կից են Ռու­սաս­տա­նի հետ երկ­խօ­սու­թեան եւ ռազ­մա­կան հար­ցե­րու մէջ թա­փան­ցի­կու­թեան», ը­սաւ Սթոլ­թեն­պերկ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016