ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՀԱՐՑ… ԴԱՐՁԵԱԼ

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին մօտ վա­ղը օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ բա­նա­ձե­ւը։ Վա­ղուան քուէար­կու­թեան ըն­դա­ռաջ Թուր­քիոյ մէջ հան­րա­յին կար­ծի­քին ու­շադ­րու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը կեդ­րո­նա­նայ Պուն­տես­տա­կին վրայ։ Ան­գա­րա­յի կող­մէ կը հնչեն Պեր­լի­նի ուղ­ղեալ ա­չալր­ջու­թեան ի­րե­րա­յա­ջորդ կո­չեր։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ։ Թուր­քիա հեր­թա­կան ան­գամ կը դի­մագ­րա­ւէ բա­նա­ձե­ւի մը հար­ցը։ Թուր­քիա-Գեր­մա­նիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ար­տա­սո­վոր կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծուած է հայ­կա­կան հար­ցին բե­րու­մով։ Նման նա­խագ­ծե­րու ար­տա­սահ­մա­նի մէջ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտնե­լուն ժա­մա­նակ ապ­րուած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը կրկնուին ո­րոշ չա­փով, սա­կայն Ան­գա­րա-Պեր­լին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռանձ­նա­յա­տուկ բնոյ­թէն բխած հան­գա­մանք­ներն ալ ան­շուշտ չեն սպրդիր ու­շադ­րու­թե­նէ։ Թրքա­կան կող­մը կու տայ բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման պա­րա­գա­յին ձեռ­նար­կե­լիք հա­ւա­նա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն ազ­դան­շա­նը։ Գեր­մա­նա­կան կող­մէն ալ կը հաս­նին հե­տաքրք­րա­կան պատ­գամ­ներ, մա­նա­ւանդ՝ որ այդ երկ­րին մէջ կ՚ապ­րին հոծ թի­ւով քա­ղա­քա­ցի­ներ, ո­րոնք ու­նին թրքա­կան ար­մատ­ներ։ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք Վալ­թէր Շթայն­մա­յէր ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ նա­խագ­ծին շուրջ քուէար­կու­թիւ­նը ո­րե­ւէ ազ­դե­ցու­թիւն չի գոր­ծեր երկ­րի բնա­կիչ թուրք փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թեան վրայ։ Շթայն­մա­յէր չի կար­ծեր, որ գեր­մա­նաբ­նակ թուր­քե­րը կրնան գեր­մա­նա­կան հա­սա­րա­կու­թեան ու քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ կորսնց­նել ի­րենց վստա­հու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, սխալ ըն­կա­լում մըն է, թէ ա­նոնք խորհր­դա­րա­նի լոկ մէկ քննար­կու­մով ու բա­նա­ձե­ւով կը ձե­ւա­ւո­րեն ի­րենց վստա­հու­թիւ­նը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան ե­րէկ յի­շե­ցուց, թէ Թուր­քիոյ եւ Գեր­մա­նիոյ մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը շատ բարձր մա­կար­դա­կի վրայ են։ Ե­թէ գեր­մա­նա­կան կող­մը այս­պի­սի ծու­ղա­կի մը մէջ իյ­նայ, ա­պա պի­տի վնա­սուին երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը դի­ւա­նա­գի­տա­կան, տնտե­սա­կան, ա­ռեւտ­րա­կան, քա­ղա­քա­կան ու զի­նուո­րա­կան գե­տին­նե­րու վրայ, մնաց որ եր­կու եր­կիր­նե­րը կ՚ան­դա­մակ­ցին նաեւ ՆԱ­ԹՕ-ին։ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, թէ բա­նա­ձե­ւը պար­տա­դիր ո­րե­ւէ ուժ չու­նի մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի տե­սա­կէ­տէ։ «Մենք չու­նինք իբր թէ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման հարց մը։ Մենք այս հար­ցին շուրջ հան­գիստ ենք», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Իր կար­գին, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ բա­րեա­ցա­կամ չեն բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք այս հար­ցին շուրջ կը ջա­նան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն մը վե­րագ­րել Թուր­քիոյ։ Եըլ­տը­րըմ Պուն­տես­տա­կի մօտ նա­խա­տե­սուած քուէար­կու­թիւ­նը ո­րա­կեց ձաբռ­տուք։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016