ՄԻԼՈՇ ԶԵՄԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Չե­խիոյ Նա­խա­գահ Մի­լոշ Զե­ման կը պատ­րաս­տուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, 8-10 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն Մի­լոշ Զե­ման նախ պի­տի այ­ցե­լէ Մա­կե­դո­նիա, ա­պա Հա­յաս­տան։

Զե­մա­նի բան­բե­րը՝ Եիր­ժի Օվ­ցա­չէք չե­խա­կան լրա­տուու­թեան գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ այ­ցե­լու­թեան հա­ւա­նա­կան օ­րա­կար­գին։ Ըստ ի­րեն, Զե­ման Ե­րե­ւա­նի մէջ ի թիւս այլ հար­ցե­րու պի­տի շօ­շա­փէ տա­րած­քաշր­ջա­նի նոր ի­րադ­րու­թիւ­նը, ինչ որ պայ­մա­նա­ւո­րուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան սրմամբ։

Հարկ է նշել, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Չե­խիոյ մի­ջեւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը զար­գա­նան կա­յուն թա­փով եւ անհ­րա­ժեշտ նա­խադ­րեալ­նե­րը ստեղ­ծուած են հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Զե­մա­նի այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ստո­րագ­րուին շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր՝ կող­մե­րուն առ­ջեւ նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ա­պա­հո­վե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016