ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐ

ՄԱԿ-ի շրջա­նակ­նե­րը մտա­հո­գուած են, թէ Ի­րա­քի մէջ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն հար­կա­դիր տե­ղա­հա­նու­թիւն­նե­րը կրնան թափ ստա­նալ ու որ­պէս հե­տե­ւանք՝ պար­տա­դիր տե­ղա­հա­նեալ­նե­րուն թի­ւը կրնայ կրկնա­պատ­կուիլ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ ձեռ­նար­կուած պայ­քա­րի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րէն մին պի­տի ըլ­լայ այս հար­ցը։

Ի­րա­քի մօտ ՄԱԿ-ի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի տե­ղա­կալ Լիզ Կրան­տէ այս առ­թիւ ը­սաւ. «Ի­րա­քի պա­րա­գա­յին մենք ար­դէն ու­նինք 3.4 մի­լիոն մարդ, բո­լորն ալ տե­ղա­հա­նեալ՝ Ի­ՇԻՊ-ի աշ­խու­ժա­նա­լէն ի վեր։ Այժմ մենք կը խօ­սինք այն մա­սին, որ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին 3 մի­լիոն եւս տե­ղա­հա­նեալ մարդ պի­տի ըլ­լայ»։­

Ի­րա­քի բա­նա­կը վեր­ջին օ­րե­րուն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռ­նար­կած է՝ Ֆել­լու­ճէ քա­ղա­քի ա­զա­տագր­ման հա­մար։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը կը տե­ղե­կաց­նեն, որ Ի­րա­քի զօր­քե­րը յա­ջո­ղած են ա­զա­տագ­րել քա­նի մը բնա­կա­վայ­րեր։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016