ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նը (Ե­ՄԻԱ) վճիռ ար­ձա­կեց, որ­պէս­զի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­բե­րեալ խնդրի մը շուրջ Թուր­քիա վճա­րէ 46 մի­լիոն լի­րա հա­տու­ցում։ «NTV»ի հա­ղոր­դում­նե­րով՝ խնդրա­յա­րոյց կա­լուա­ծը կը գտնուի Պէ­շիկ­թա­շի մէջ, ու­նի 13 հա­զար 231 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րա­ծու­թիւն եւ ա­նոր սե­փա­կա­նա­տէ­րը Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի մըն է։ Ե­ՄԻԱ-ի մօտ 2003 թուա­կա­նին սկսած էր հա­մա­պա­տաս­խան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը եւ 2014 թուա­կա­նին ար­ձա­կուած էր վճի­ռը։ Բայց եւ այն­պէս, հա­տուց­ման գու­մա­րի քա­նա­կու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կուե­ցաւ ե­րէկ։ Ե­ՄԻԱ յան­գե­ցաւ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ Մա­րիա Չի­րո­փու­լո­սի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին դէմ ոտնձ­գու­թիւն կա­տա­րուած է։

Պէ­շիկ­թա­շի այս տա­րած­քի սե­փա­կա­նա­տէ­րը՝ Մա­րիա Եի­նա­փու­լօ մա­հա­ցած էր 1979 թուա­կա­նին։ Իր դուստ­րը Էֆ­րո­սի­նի Լիա­նո­փու­լու թրքա­կան դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ դատ բա­ցած էր՝ ո­րով­հե­տեւ մօ­րը մա­հէն վերջ այդ տա­րած­քին հա­մար նշա­նա­կուած էր կա­ռա­վա­րիչ մը։ Թրքա­կան դա­տա­րա­նը վճիռ ար­ձա­կած էր, թէ օ­տա­րահ­պա­տակ­նե­րուն Թուր­քիոյ մէջ կա­լուած ձեռք բե­րե­լը ան­կա­րե­լի է։ Այդ հանգ­րուա­նէն սկսեալ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը տե­ղա­փո­խուած է Ե­ՄԻԱ։

2009 թուա­կա­նին Էֆ­րո­սի­նի Լիա­նո­փու­լուի մա­հէն վերջ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը հե­տապն­դել սկսած էր իր ժա­ռան­գոր­դը՝ Մա­րիա Չի­րո­փու­լոս։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016