ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Աս­տա­նա­յի մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ Ե­րե­ւան մտա­դիր է հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն աշ­խա­տիլ Վիեն­նա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման հար­ցը ներ­կա­յիս ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ օ­րա­կար­գը։ Ապ­րի­լի սկիզ­բին պա­տա­հած ռազ­մա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ Սերժ Սարգ­սեան Վիեն­նա­յի մէջ տե­սակ­ցած էր Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ։ Ներ­կա­յիս նա­խա­գահ­նե­րու հա­ւա­նա­կան նոր հան­դիպ­ման մը պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին եւ այս շրջագ­ծով եր­կու եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներն ալ շփում կը պա­հեն միջ­նորդ­նե­րուն հետ։ Սպա­սում­նե­րու ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­կա­մարտ կող­մե­րը ի­րե­րա­յա­ջորդ ձե­ւով կը փո­խան­ցեն ի­րենց պատ­գամ­նե­րը։ Իլ­համ Ա­լիեւ վեր­ջերս դրա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ ու­նե­ցած էր Վիեն­նա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ար­դիւնք­նե­րուն շուրջ։ Նոր տե­սակ­ցու­թեան մը սպաս­ման մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ ալ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հան­դէս ե­կաւ ու­շագ­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Ապ­րի­լի սկիզ­բին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ շփման գծի եւ Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նի ամ­բողջ եր­կայն­քով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ի­րադ­րու­թեան լար­ման՝ Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ.

«Հա­յաս­տան չի կրնար ան­մասն մնալ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի դէմ յար­ձա­կում­նե­րու պա­րա­գա­յէն։ Ի հար­կէ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան ու­ժե­րը ա­րագ վե­րա­կանգ­նե­ցին ի­րա­վի­ճա­կը՝ զայն վերց­նե­լով ի­րենց վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ։ Այս­տեղ կա­րե­ւոր դեր խա­ղաց Ռու­սաս­տան, ո­րուն Ատր­պէյ­ճան դի­մած էր հրա­դա­դա­րի դրու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման խնդրան­քով։ Վիեն­նա­յի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի միջ­նոր­դու­թեամբ կա­յա­ցաւ հան­դի­պում մը, ո­րու ըն­թաց­քին պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­ներ ձեռք բե­րուե­ցան վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման մի­ջոց­նե­րու՝ շփման գծին վրայ մշտա­դի­տարկ­ման եւ դէ­պքե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Հա­յաս­տան մտա­դիր է հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն աշ­խա­տիլ այս պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ու շա­րու­նա­կել փնտռել խա­ղաղ կար­գա­ւո­րում, որ ա­ռա­ջին հեր­թին հիմ­նուած պի­տի ըլ­լայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի՝ սե­փա­կան ճա­կա­տա­գի­րը տնօ­րի­նե­լու եւ ինք­նո­րո­շուե­լու ի­րա­ւուն­քին հի­ման վրայ։ Հա­յաս­տան հա­մա­ձայն է ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ, թէ այդ սկզբուն­քը, ինչ­պէս նաեւ ու­ժի կամ ա­նոր սպառ­նա­լի­քի չկի­րառ­ման սկզբունք­նե­րը եւ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան սկզբուն­քը կը հան­դի­սա­նան ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հիմ­քը»։

Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգ­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն բարձր մա­կար­դա­կի վրայ շփում­ներ ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն հետ։ Ան տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ, որ Ե­րե­ւան մեկ­նած էր Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի հեր­թա­կան նիս­տին առ­թիւ։ Բաց աս­տի, ան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ ԱՄՆ-ի Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ։ Այս եր­կու զրոյց­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։

ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ար­դէն հաս­տա­տած են այս լու­րը։

Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), ինչ­պէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ, Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը Պրիւք­սէ­լի մէջ կը գտնուէր ՆԱ­ԹՕ-Ատր­պէյ­ճան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին առ­թիւ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ Վիեն­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ար­դիւնք­նե­րը։ Ծա­նօթ է, որ յա­ռա­ջի­կայ ա­միս եր­կու նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ նոր գա­գա­թա­ժո­ղով մը կը նա­խա­տե­սուի եւ այդ մէ­կը նա­խա­պատ­րաս­տե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ՝ միջ­նորդ­նե­րը զարկ տուած են ի­րենց աշ­խա­տան­քին։ Նա­խա­գահ­նե­րու յա­ռա­ջի­կայ տե­սակ­ցու­թե­նէն կ՚ակն­կա­լուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ յա­ռաջ­խա­ղա­ցում։ Ներ­կա­յիս այս ա­ռու­մով սպա­սում­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջան մըն է, ո­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­ներն ալ զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով կ՚անդ­րա­դառ­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։

Ե­րէկ, ՆԱ­ԹՕ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Եէնս Սթոլ­թեն­պերկ յայ­տա­րա­րեց, թէ չի հա­ւա­տար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան ռազ­մա­կան ճա­նա­պար­հով լուծ­ման։ Վար­շա­ւիոյ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին ան պա­տաս­խա­նեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին շուրջ հայ ու­սա­նո­ղի մը կող­մէ ի­րեն ուղ­ղուած հարց­ման։ Ըստ ի­րեն, Ապ­րիլ ամ­սուան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու սկիզ­բին ժա­մա­նակ դա­շին­քը ան­տար­բեր չէ մնա­ցած ու հան­դէս ե­կած է յայ­տա­րա­րու­թեամբ։ «Ես կո­չով դի­մած եմ եր­կու կող­մե­րուն, որ­պէս­զի յար­գանք դրսե­ւո­րեն կրա­կի դադ­րեց­ման դրու­թեան նկատ­մամբ։ Մենք կը յայ­տա­րա­րենք ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ու­ղիով կար­գա­ւոր­ման եւ կրա­կի դադ­րեց­ման դրու­թիւ­նը յար­գե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին», նշեց Սթոլ­թեն­պերկ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2016