«ԱՆՀՈՒՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԱՏԱԾ Է ՀՈԳԻՍ»
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան քաղաքս ժամանելէ առաջ հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի «Հայ Ձայն» կայքէջին։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, որ բնականաբար, անհուն ուրախութեան մը մէջ է իր հոգին։ «Պոլսոյ Պատրիարքական տագնապը թեւակոխած է դրական փուլ մը։ Պէտք է ըսեմ, որ Պոլիս հասնելէ վերջ շուտով պիտի լծուիմ պատրիարքական ընտրութեան ընդհանուր գործընթացը արձակելու ուղղութեամբ կարեւոր քայլերու կատարման։ Ինչպէս գիտէք, պոլսահայ համայնքը ինն տարիէ ի վեր գործնականօրէն չունի պատրիարք մը։ Ես, որպէս ընտրեալ-տեղապահ, ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեմ, որպէսզի ամենակարճ ժամանակաշրջանին կարելի ըլլայ խաղաղ պայմաններու ներքեւ իրականացնել նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մատնանշած է, որ առաջնահերթօրէն պիտի կազմէ նախաձեռնարկ մարմին մը։ Յանձնախումբերու կազմուելէն վերջ, մեր իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ շուրջ ապրող համայնքի անդամները պիտի ընտրեն իրենց պատգամաւորները, որոնք ալ իրենց հերթին ժողով մը գումարելով պիտի ընտրեն նոր պատրիարքը։ «Բոլոր կողմերուն հետ խորհրդակցելով պետութեան մօտ դիմում մը պէտք է ներկայացնենք ճշդելու համար պատրիարքի ընտրութեան թուականը», աւելցուցած է ան։
Հարցումի մը պատասխանելով Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընդգծած է, որ ներկայ փուլին լաւատես է, որովհետեւ ինն տարուան սպասումէ մը վերջ, ի վերջոյ, թրքահայ պատմական համայնքը պիտի ունենայ նոր պատրիարք մը։ «Իմ լաւատեսութիւնս կապ ունի վերջին օրերուն Պոլսոյ մեր համայնքի զաւակներուն մօտ ստեղծուած լաւատեսութեամբ եւ դրական լիցքերուն հետ», ընդ-գըծած է տեղապահ Սրբազան Հայրը ու անդրադարձած նաեւ՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ իրեն ուղարկուած նամակի դրական ոգիին։ Մեկնաբանելով այդ նամակին մէջ ընդգծուած համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ըսած է հետեւեալը. «Դրական զարգացում մըն է այդ մէկը։ Գիտէք այս զօրակցութիւնը կապ ունի նաեւ Մայր Աթոռի կողմէ տեղապահին յղուած զօրակցութեան եւ նեցուկին հետ։ Արամ Սրբազանի վերաբերմունքը ես շատ բնական կը համարեմ եւ այդ վերաբերունքին չըլլալն էր, որ կրնար զարմացնել զիս։ Այստեղ առիթը կ՚ուզեմ օգտագործել իմ գնահատանքի խօսքը ուղղելու Արամ Սրբազանին՝ երկար տարիներու իր հովուական ծառայութեան համար։ Կ՚ուզեմ նաեւ յիշեցնել, որ Պոլսոյ մէջ նման աշխատանքի մը գլուխը ըլլալը բաւական դժուար եւ պատասխանատու գործ մըն է։ Այստեղ կ՚ուզեմ նաեւ ըսել, որ ես անձնապէս պատրաստ եմ օգտուելու Արամ Սրբազանի փորձառութենէն»։