Այսօր Երախաներու Պաշտպանութեան Միջազգային Օրն է

Այսօր Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն է: Անիկա սահմանուած է 1925 թուականին՝ Ժընեւի մէջ երախաներու պաշտպանութեան համար հը-րաւիրուած համաշխարհային համաժողովին ընթացքին:

1949 թուականին Կանանց ժողովրդավարական միջազգային դաշինքը երախաներու պաշտպանութեան օր ունենալու որոշում  ընդունեց: ՄԱԿ-ը, հաւանութիւն տալով այս նախաձեռնութեան, յայտարարեց երախաներու կեանքի եւ առողջութեան պաշտպանութեան հարցը իր գործունէութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը: Առաջին անգամ Յունիս 1-ը իբրեւ Երախաներու պաշտպանութեան միջազգային օր նշուած է 1950 թուականին:

Աշխարհի մէջ ստորագրուած են երախաներու պաշտպանութիւնը նախատեսող բազմաթիւ միջազգային փաստաթուղթեր, ինչպէս՝ 1959 թուականի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի կողմէ ընդունուած Երախայի իրաւունքներու հռչակագիրը, 1989 թուականին ընդունուած Երախաներու իրաւունքներու մասին համաձայնագիրը:

Հայաստանը Երախաներու իրաւունքներու մասին համաձայնագիր վաւերացուցած է 1992 թուականին, իսկ 1996 թուականին ընդունուած է «Երախայի իրաւունքներու մասին» Հայաստանի օրէնքը:

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2017