ԹՈՒՐՔԻԱ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՄՆ-Ի ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Պեշթեփէի նախագահական պալատէն ներս տեղի ունեցած ժողովը տեւեց շուրջ չորսուկէս ժամ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած նիստէն վերջ հրապարակուեցաւ զեկոյց մը։
Խորհուրդը անհանգստութիւն յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան շառաւիղ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին ի նպաստ կատար-ւած զինամթերքի օժանդակութենէն։ Զեկոյցին մէջ ընդգծուեցաւ, որ Թուրքիոյ ակնկալութիւնները անտեսելով՝ ԱՄՆ այդ օժանդակութիւնը իրականացուցած է ահաբեկչական կազմակերպութեան մը համար, որ կը գործէ Սուրիոյ ժողովրդական ուժերու քօղին ներքեւ։ ԱՄՆ-ի այդ քաղաքականութիւնը անյարիր է բարեկամական ու դաշնակցական կապերուն։
Իր կարգին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ հանդէս եկաւ այս խնդրին շուրջ։ Նախարարին խօսքերով, Թուրքիոյ դիրքորոշումը յստակ է։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին արտայայտուած է այս մասին, ընդգծելով Անգարայի մտահոգութիւնը։ «Մենք կը շեշտենք, որ Սուրիոյ ապագային տեսակէտէ որքան վտանգաւոր է ԵՓԿ-ին տրուած նեցուկը», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը տրուած զէնքը կրնայ օգտագործուիլ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ համայն մարդկութեան դէմ։ Նախարարին համոզմամբ, այս քայլերը ծայր աստիճան վտանգաւոր են նաեւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային միութեան պահպանման տեսակէտէ։