Հայաստանի Մէջ Պիտի Արգիլուի Հասարակական Վայրերու Մէջ Ծխելը

Հայաստանի մէջ մօտ ապագային պիտի արգիլուի հասարակական վայրերու մէջ ծխելը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ չափահաս տղամարդոց աւելի քան 55 առ հարիւրը ամենօրեայ ծխողներ են, իսկ կանանց 3 առ հարիւրը, սակայն շատ են նաեւ ոչ ամէն օր ծխողները: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, Ալթունեանի խօսքով՝ այս տարի պիտի ըլլան օրէնսդրական խիստ փոփոխութիւններ, որոնց արդիւնքով պիտի արգելուի ծխելը հասարակական վայրերու մէջ:

«Ճաշարաններու մէջ պիտի չըլլան առանձին վայրեր չծխողներու համար, քանի որ պայքարը ոչ թէ չծխողներուն մօտ չծխելն է, այլ՝ ընդհանրապէս չծխելը: Փոփոխութիւններու ծրագիրը, թէեւ դեռ ամբողջութեամբ պատրաստ չէ, այնուամենայնիւ հիմք ունի Հայաստանի մէջ ծխողներու թիւը 30-40 առ հարիւրով կրճատելու: Պիտի արգիլուի ծխախոտի գովազդը ամբողջութեամբ, տուփերուն վրայ պիտի ըլլան սարսափելի նկարներ, տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ ծրագիրներ՝ ծխելը ձգելու համար, որոնց կարգին ամենազդուն է, որ պիտի թանկայ ծխախոտը», ըսած է Ալթունեան:

Ըստ Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան՝ աշխարհի մէջ շուրջ 1 միլիառ մարդ կը ծխէ, իսկ տարեկան շուրջ 7 միլիոն մարդ կը մահանայ ծխելէն: Միւս կողմէ, 600 մարդ կը մահանայ կրաւորական ծխելէն։

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2017