ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ մասնակցեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան, հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճանլիծէ ողջունեց իր հայ պաշտօնակիցը եւ շնորհաւորութիւններ յղեց նշանակման կապակցութեամբ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց Թիֆլիզի մէջ հանդիպելով բարեկամ Հայաստանի պաշտօնակցին հետ։ Ճանելիծէ խորհրդանշական համարեց, որ Հայաստանի նոր վարչապետը առաջին պաշտօնական այցելութիւնը տուած է Վրաստան։ Իր համոզմամբ՝ սա նոր լիցք մը պիտի հաղորդէ հարեւան երկիրներու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու զարգացման։

Իր կարգին, Մնացականեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ պաշտօնավարութեան ընթացքին անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի առնեն հայ-վրացական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, համագործակցութեան խորացման եւ ընդլայնման համար գոյութիւն ունի երկկողմանի պատրաստակամութիւն՝ հիմնուած փոխադարձ ըմ-բըռնման եւ յարգանքի վրայ։

Զրոյցի տեւողութեան նախարարները երկուստեք հաստատեցին համատեղ ջանքերով երկու հարեւաններու միջեւ կապերու առաւել խորացման եւ ամրապնդման պատրաստակամութիւն։ Անոնք կարեւորեցին արտաքին գործոց նախարարներու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, ոլորտային ուղղութիւններով պարբերական խորհրդակցութիւններու կազմակերպումը եւ նախարարներու պարբերական հանդիպումներու դերը այս ուղղութեամբ։ Հանգամանօրէն քննարկուեցան երկկողմանի օրակարգի հարցերը։ Նախարարներու ուշադրութեան կեդրոնին էին քաղաքական երկխօսութեան ընդլայնումը, առեւտրատնտեսական կապերու խորացումը, միջազգային հարթակներու վրայ համագործակցութիւնը, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման հարցերը։

Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին վիրահայութեան հարցերուն շուրջ, նաեւ անդրադարձան տարածքաշրջանային ու միջազգային հրատապ շարք մը խնդիրներու։

Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը։ Ան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ հիմնա-խընդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018