Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի երկիրներու հարցերով համակարգող տնօրէն Ֆրանսիս Մալիժի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մալիժ ընդգծեց, որ դրա-մատունը հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան ընդլայնմամբ ու պատրաստ է աջակցիլ կառավարութեան՝ ներդրումներու համար գործարար միջավայրի շարունակական բարելաւման նպատակով քայլերու ուղղութեամբ։
Ուրբաթ, Յունիս 1, 2018