ԹԻՐԱԽԱՅԻՆ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի կառավարութիւնը անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ երկրի ժողովրդագրական ընդհանուր կացութիւնը։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ վերջերս կառավարութենէն ներս տեղի ունեցաւ երկրի ժողովրդագրական իրավիճակին վերաբերեալ խորհրդակցութիւն մը։ Փաշինեան յայտնեց, որ պէտք է արձանագրել երկրի ժողովրդագրական իրավիճակի ներկայ կացութիւնը, քննարկել առկայ հարցերը եւ ապագայ ընելիքները։ «Ի հարկէ, հասկնալի է, որ ժողովրդագրական վիճակի վերաբերեալ հարցերը առանձին լուծում մը չունին եւ այդ բոլորը պէտք է դիտարկել երկրի ընկերատնտեսական իրավիճակի զարգացման համատեսքին մէջ։ Տնտեսական բարեփոխումները, անոնց յաջող ընթացքը առաջին հերթին պէտք է նպաստեն ներառական տնտեսական աճին, տնտեսական զարգացման քաղաքականութիւնն ալ առաջին հերթին պէտք է նպաստէ ժողովրդագրական իրավիճակի փոփոխութեան։ Մենք առաջին հերթին այս բանը պէտք է դիտարկենք որպէս իրավիճակի փոփոխութեան հիմնական միջոց։ Բայց, այս կարեւորագոյն ոլորտը ունի որոշ առանձնայատկութիւններ, նրբութիւններ եւ, ի հարկէ, կան նաեւ հասցէական ու թիրախային գործողութիւններ, որոնք այդ ընդհանուր համատեսքի ազդեցութիւնը յստակ ոլորտի վրայ կրնան ու պէտք է դարձնեն աւելի նպատակային եւ թիրախային», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Խորհրդակցութեան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ պէտք է հասկնալ, թէ ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման ի՛նչ հասցէական ծրագրեր կրնան կեանքի կոչուիլ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այն հիմնական գործօններուն, որոնք կ՚ազդեն Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերին վրայ։ Ներկայացուեցան ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման ուղղեալ հնարաւորութիւնները, միջոցառումներն ու քայլերը, նաեւ շարք մը առաջարկներ։

Շաբաթ, Յունիս 1, 2019