ԴԷՊԻ ԿՂԶԻՆԵՐ ԱԶԱՏ ԵՐԹԵՒԵԿ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտով պայմանաւորուած սահմանափակումներու աստիճանական մեղմացման ճանապարհին Թուրքիոյ մէջ այսօր անկիւնադարձ մըն է։ Շաբաթավերջի փողոց դուրս գալու արգելքէն վերջ, այսօրուան դրութեամբ երկիրը կ՚ունենայ նոր մթնոլորտ։ Արդարեւ, առօրեան կը վերադառնայ բնականոն հունին՝ մանաւանդ աշխատանքային կեանքը կը վերսկսի կարելի չափով լիարժէք ձեւով։ Երբ տեղափոխութեան սահմանափակումներն ալ կը ջնջուին, արդէն ինքնաբերաբար ի յայտ կու գայ պատասխանը հարցումի մը, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնէր մեր համայնքի անդամներուն միտքը։ Այսպէս, Իսթանպուլի մէջ այսօրուընէ սկսեալ հնարաւոր է ազատ ձեւով այցելել Իշխանաց կղզիներ։ Ներկայ ամառնամուտին այս յստակեցումը կարեւոր է մեր համայնքի այն անդամներուն տեսակէտէ, որոնք ամարանոցներու տանտէր կամ վարձակալ են կղզիներու մէջ։

 

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու Գնալը կղզի այցելէ այս ուրբաթ՝ յունիսի 5-ին։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020