ՎԵՐԱԴԱՐՁ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երկուքուկէս ամիսէ ի վեր կ՚աշխատէր Իսթանպուլի մէջ, այսօր կը վերադառնայ մայրաքաղաք Անգարա։ Առօրեայի բնականոնացման զուգահեռ ան աշխատանքի կը վերաձեռնարկէ կարեւոր ժողովներու նախագահելով։ Երկար ընդհատումէ մը վերջ Էրտողան Անգարայի մէջ իրերայաջորդ ժողովներ կը գլխաւորէ երեք օրուան ընթացքին։ Այդ նիստերը, անշուշտ, նախատեսուած են ֆիզիքական հեռաւորութեան պահպանումով։

Էրտողանի գլխաւորութեամբ նախատեսուած առաջին ժողովն է՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստը։ Աւելի վերջ տեղի պիտի ունենայ ԱՔ կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր խորհուրդի ժողովը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ Նախարարաց խորհուրդի նիստ։ Կառավարութեան օրակարգին վրայ կը գտնուին առօրեայի բնականոնացման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները եւ արդիւնքները։

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020