ԱՄՆ-ԵՄ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Պրիւքսելի մէջ 15 յունիսին տեղի պիտի ունենայ կարեւոր գագաթաժողով մը։ Այսպէս, Եւրոմիութեան անդամ 27 երկիրներու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները պիտի մէկտեղուին, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի միջազգային բեմահարթակի այժմու համայնապատկերին տեսակէտէ։ Ուաշինկթընի նոր ղեկավարութիւնը կը ջանայ Եւրոպայի դաշնակիցներուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր սկիզբ մը ապահովել եւ այս մթնոլորտին մէջ նախագահ Ճօ Պայտըն առաջին անգամ պիտի մէկտեղուի եւրոպացի ղեկավարներու հետ։

Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարի տեղակալ Ուենտի Շերմըն եւ ԵՄ-ի Արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Սթեֆանօ Սանինօ վերջերս հանդիպում մը ունեցան՝ այս գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս։ Բանակցութիւններէն վերջ հրապարակուած հաղորդակցութեան մէջ նշուեցաւ, որ կողմերը ընդգծած են ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի ընդհանուր հետաքրքրութիւնը շարունակելու համար սերտ համագործակցութիւնը՝ ի նպաստ ժողովրդավարական արժէքներու, կլոպալ եւ տարածքաշրջանային կայունութեան, ինչպէս նաեւ մարդու համընդհանուր իրաւունքներու։

Գագաթաժողովի սեմին ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարները քննարկեցին Երուսաղէմի վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին Միջերկրականի արեւելքին, Պալքաններու արեւմուտքին, Աֆղանիստանի, Սուրիոյ, Միանմարի, Եթովպիոյ եւ Վենեզուելլայի մէջ ստեղծուած իրավիճակներուն վերաբերեալ։

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021