ԲԱՐԻ ԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջին օրերուն այցելեց Աթէնք, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Կը հաղորդուի, որ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի ուղեւորութիւնը դրական մթնոլորտի մը մէջ անցած է։ Թուրքիա եւ Յունաստան այս շրջանին միշտ կը ձգտին յաղթահարել իրենց առկայ տարաձայնութիւնները։ Չավուշօղլուի այցելութիւնն ալ առիթ դարձած է, որ երկու հարեւաններու այս ուղղութեամբ բարի կամեցողութիւնը ի յայտ գայ հերթական անգամ։ Բացի իր պաշտօնակցին՝ Նիքոս Տենտիասի հետ բանակցութիւններ վարելէ, Չավուշօղլու Աթէնքի մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի կողմէ։

Բանակցութիւններէն վերջ երկու նախարարները կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկան Աթէնքի մէջ։ Առաջին հերթին, անոնք տեղեկացուցին, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ դռները պիտի բացուին եւ երկու երկիրներու քաղաքացիները պիտի կարողանան փոխադարձ ուղեւորութիւններ իրականացնել։ Չավուշօղլու եւ Տենտիաս համաձայն գտնուած են, որ Անգարա-Աթէնք յարաբերութիւններուն մէջ նախապատուութիւն ընծայուի «դրական օրակարգ»ի նկատմամբ։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստակամ է բոլոր բնագաւառներէ ներս առանց նախապայմանի երկխօսութեան։ Իր կարգին, Տենտիաս շեշտեց, որ կողմերու միջեւ առաջին մերձեցումը ապահովուած է՝ յարաբերութիւնները ժամանակի ընթացքին աստիճանաբար բարելաւելու ճանապարհին։

Միւս կողմէ, Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ ստեղծուած դրական կլիմայի պայմաններուն ներքեւ, կը նախատեսուի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի միջեւ հանդիպում մը՝ ՆԱԹՕ-ի մօտալուտ գագաթաժողովի օրերուն։

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021