ԵՒՐՈՊԱՀԱՅԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎ

Փրակի «Օրեր» ամսագիրը հաղորդեց, որ պուլկարահայ գործարար Արթուր Յովհաննիսեան վերընտրուած է Եւրոպայի հայերու միութեան նախագահ։ Մայիսի 30-ին տեղի ունեցած է այս միութեան խորհուրդի ժողովը՝ առցանց դրութեամբ։ Զանազան կազմակերպչական հարցերու քննարկման առընթեր, հեռավար քուէարկութիւնով ձեւաւորուած է նոր վարչութիւնը։ Նախագահ վերընտրուած Արթուր Յովհաննիսեանի առընթեր փոխ-նախագահի պաշտօնին կոչուած է Արտակ Սերգոյեան (Պելժիա) եւ ատենադպիր դարձած է Կարինէ Յովասափեան (Հայաստան)։ Ինն հոգիէ բաղկացեալ վարչայիններու շարքին կը գտնուին նաեւ Ֆրանսայէն, Լեհաստանէն, Չեխիայէն եւ Սպանիայէն ներկայացուցիչներ։

Արթուր Յովհաննիսեան ներկայ ամսուան կէսին կը պատրաստուի այցելել Հայաստան եւ Արցախ։ Բաց աստի, այս կազմակերպութիւնը կը ծրագրէ յառաջիկայ շրջանին համագործակցիլ եւրոպահայ այլ զանազան կառոյցներու հետ։ Նոյն ծիրին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը վերագրուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու հոգեւոր առաջնորդներու եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հետ կապերու զարգացման։

Եւրոպայի հայերու միութիւնը հիմնուած է 2015 թուականին ու պաշտօնապէս արձանագրուած՝ տարի մը վերջ։ Եւրոպական տասն երկիրներէ ներս մասնաճիւղեր ունի այս միութիւնը, որու գործունէութեան հիմնական նպատակներու շարքին կը գտնուին հայապահպանութիւնը, Եւրոպայէ ներս հայկական մշակոյթի զարգացումն ու պահպանումը, Հայաստանէ ներս բարեգործական ծրագրերու իրականացումը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցներու կամ կրթական ծրագրերու ի նպաստ աջակցութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021