ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՍՏԻՃԱՆԱԲԱՐ ԿԸ ՄԵՂՄԱՑՈՒԻՆ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՈՎ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ այս օրուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կը հաստատուի նոր դրութիւն մը։ Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս գումարուած ժողովէն վերջ նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւններով՝ ազգին ուղղուած խօսքի ձեւաչափին մէջ։ Հանրապետութեան նախագահը այս առթիւ տեղեկացուց, որ համաճարակի դէմ պայքարի նպատակով հաստատուած խիստ սահմանափակումները այս օրուան դրութեամբ յարաբերաբար կը մեղմացուին։ Աստիճանական բնականոնացման ճանապարհին կառավարութեան կողմէ նախատեսուած կարգադրութիւնները տեղեկացնելու ժամանակ Էրտողան ըսաւ, որ երկիրը պիտի վերաբացուի առանց համաճարակի դէմ պայքարի գծով թուլանալու։

Ըստ նոր տնօրինութիւններուն, մասնաւորապէս կը մեղմացուին փողոց դուրս գալու վերաբերեալ սահմանափակումները։ Այսպէս, շաբաթավերջերուն միայն մէկ օր՝ կիրակի սահմանափակումներ խնդրոյ առարկայ պիտի ըլլան, իսկ շաբաթ օրերը կը դառնան ազատ։ Ճաշարաններն ու սրճարանները պիտի վերաբացուին՝ գործելով ժամը մինչեւ  21.00-ը։ Երես-երեսի կրթութիւնը կամքէ կախեալ ձեւով պիտի վերսկսի։ Ցանկութեան պարագային տղաքը դպրոց պիտի յաճախեն շաբաթը երկու օր։ Դպրոցները 2 յուլիսին պիտի փակուին, իսկ վիճակացոյցները պիտի բաժնուին՝ յունիսի 18-ին։ Հակակշռեալ ձեւով թոյլ պիտի տրուի հարսանեկան արարողութիւններուն։ Մարզասրահներն ալ պիտի վերսկսին իրենց աշխատանքին։ Զանազան կառոյցներու յետաձգեալ ընդհանուր ժողովները գումարել կարելի պիտի ըլլայ։

Ի լրումն այս բոլորին, կառավարութեան երէկուան տնօրինութիւններու հիման վրայ համալսարաններու պարագային 2021-2022 ակադեմական շրջանը պիտի սկսի 13 սեպտեմբերին։ Այսինքն, բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնները պիտի վերաբացուին այդ թուականին։

Ներկայ պայմաններով, այս շաբաթավերջին, շաբաթ ժամը 22.00-ին ի զօրու պիտի դառնայ փողոց դուրս գալու սահմանափակումը, պիտի շարունակուի ամբողջ կիրակի օրը եւ աւարտին պիտի հասնի երկուշաբթի վաղ առաւօտեան՝ ժամը 05.00-ին։

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021