ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան հետեւողական աշխատանք կը տանին ռազմական բնագաւառի մէջ իրենց համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, «ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ 3 յունիսին նախատեսուած է Թուրքիա-Ատրպէյճան բարձր մակարդակով զինուորական երկխօսութեան 13-րդ նիստը։ Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ այս ժողովը, որու ընթացքին պիտի քննարկուին անվտանգութեան, ռազմաթեքնիկ, ռազմակրթական, ռազմաբժշկական, ռազմաարդիւնաբերութեան եւ այլ ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ չէ նշուած, թէ մօտալուտ բանակցութիւններու ընթացքին ովքեր պիտի գտնուին երկու պատուիրակութիւններուն գլուխը։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շրջանին նախատեսուած է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի այցելութիւնը դէպի Ատրպէյճան։

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021