ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան, որ վերջին օրերուն հրաժարած էր իր պաշտօնէն, երէկ հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Ան հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին հետ։ Արա Այվազեանի հրաժարականի պատճառները չէին հրապարակուած, իբր այդ հետաքրքրութեամբ կը սպասուէր իր երէկուան ելոյթին։ 52-ամեայ հրաժարեալ նախարարը նշեց, որ հայկական դիւանագիտութիւնը պարտուած չէ այս շրջանին։ Ան ընդգծեց, որ իր հրաժարականի որոշումը պայմանաւորուած է պատճառով մը, որպէսզի երբեք որեւէ կասկած չըլլայ, թէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրնայ քայլ մը առնել կամ կրնայ համաձայնութիւն տալ գաղափարի մը, նախաձեռնութիւններու, որոնք հայոց պետականութեան, ազգային եւ պետական շահուն դէմ եղած են։

Արա Այվազեանի այս խօսքերը արդէն եկան ամբողջացնել այն պատկերը, որու վրայ տեղի ունեցած էր իր հրաժարականը։ Ան, ըստ երեւոյթին, վարչապետ Փաշինեանի հետ առկայ տարակարծութիւններու հետեւանքով որոշած է հեռանալ պաշտօնէն։ Հարկ է յիշեցնել, որ Այվազեանի հրաժարականը վրայ հասած էր Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի այն նիստէն վերջ, որու աւարտին Փաշինեան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միջազգային դիտորդներ տեղակայելու առաջարկով հանդէս եկած էր։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն վաւերացուցած է Արա Այվազեանի հրաժարականը։ Այվազեանի երէկուան ելոյթին արձագանգեց նաեւ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան։ «Կը կարծենք մեր պետական եւ ազգային շահը կը պարտադրէ, թէ պարոն Այվազեան հրապարակաւ պարզաբանէ այդ ո՞վ, ե՞րբ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս կը պատրաստուէր առնել ինչ-որ քայլ կամ ընդունիլ որոշում, որ կը հակասէ մեր երկրի պետական եւ ազգային շահուն», ըսաւ Մանէ Գէորգեան։

Իր կարգին, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ալ անդրադարձաւ Արա Այվազեանի երէկուան յայտարարութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-վարչապետը ըսաւ. «Չեմ կարծեր, որ ունինք իրավիճակ մը, ուր կայ նման խնդիր մը»։

Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս հրաժարականներու տարափ մը խնդրոյ առարկայ է։ Այսպէս, երէկ հաղորդուեցաւ, որ փոխ-նախարար Գագիկ Ղալաչեան եւ նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեանն ալ հրաժարած են իրենց պաշտօնէն։ Հայկական դիւանագիտութիւնը, ըստ երեւոյթին, ծանր շրջան մը կը դիմագրաւէ՝ Փաշինեանի կառավարութեան դիմած քայլերուն բերումով։ Վարչապետի անհեռատես կարգադրութիւնները, նախաձեռնութիւնները արդէն եկած են լրջօրէն վնաս հասցնել պետական հիմնական կառոյցներու միջեւ անհրաժեշտ ներդաշնակութեան։

Դիւանագիտական անձնակազմէն ներս ծագած այս անհանգստութիւններու մթնոլորտին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան ձեռնարկած է դէպի Եւրոպա ուղեւորութեան։ Փարիզի եւ Պրիւքսելի շփումներուն ժամանակ վարչապետի ընկերակից պատուիրակութեան հիմնական դէմքն է խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան։ Առանց այդ, որ գործադիր իշխանութեան թեւին պատկանող պաշտօն մը չէ այդ մէկը, Ալէն Սիմոնեան առաջին հերթին կուսակցական դէմք մը կը համարուի։

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021