ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի մանկավարժական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Կեանքը եւ վէպի ընդգրումները. ազդեցութիւններ եւ զարգացման ուղենիշներ» նիւթով միջազգային գիտաժողով մը, որու մասին «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնէն ստացանք հետեւեալ լրատուութիւնը.-

Հայաստանի «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի, բանասիրական բաժանմունքի, «Վաչէ Պարտիզունի» հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտի ամպիոնի եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի կազմակերպութեամբ վերջերս տեղի ունեցաւ «Կեանքը եւ վէպի ընդգրկումները. ազդեցութիւններ եւ զարգացման ուղենիշներ» խորագրով միջազգային գիտաժողովը: Բացման հանդիսութեան ընթացքին գիտաժողովի կազմակերպիչ փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան նշեց, որ այն բացառիկ է թէ՛ նիւթի բազմաբովանդակութեան առումով, թէ՛ իր աշխարհագրական ընդգրկումներով՝ Հայաստան, Արցախ, Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Լիբանան, Ուքրայնա, Փոթուգալ: Ան հպարտութեամբ ընդգծեց, որ Մանկավարժական համալսարանը եւ անոր ղեկավարութիւնը՝ յանձին վերատեսուչ փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեանի, յաջողած է այս դժուարին ժամանակաշրջանին մէկտեղել աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ ապրող յառաջատար գրականագէտներն ու գրականութեան տեսաբանները, որոնց զեկուցումները կը տպագրուին առանձին ժողովածոյով:

Մասնակիցները, նախ, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախի երկրորդ պատերազմին զոհուած երիտասարդներուն:

Ապա Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական ողջոյնները եւ օրհնութիւնը: Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Մանկավարժական համալսարանին՝ համագործակցութեան նման առիթ ստեղծելու համար: Կարճ ակնարկով մը անդրադարձաւ վէպի զարգացումներուն, ապա նշեց, որ վէպը մեր կեանքի արտացոլումը պէտք է ըլլայ: Վէպերու մէջ կը գտնենք մեր ապրած դժուարին առօրեան եւ զայն բարեփոխել ջանացող կերպարները: «Ցաւօք, այսօր մենք այդ հերոսի պակասը ունինք», դառնութեամբ, բայց վաղուայ օրուայ, վաղուայ գրականութեան նկատմամբ մեծ յոյսով ու հաւատով յաւելեց Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան:

Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի ուսումնագիտական գծով դասախօս փրոֆ. Սրբուհի Գէորգեան: Ան նկատեց, որ այսօր կ՚ապրինք շատ իւրայատուկ եւ բարդ ժամանակաշրջան մը. տարբեր մշակոյթներու, հասկացութիւններու խաչմերուկին յայտնուելով՝ կը փորձենք գտնել «մեր ժամանակի հերոսը»: Ան անկեղծօրէն խոստովանեցաւ նաեւ, որ իրեն համար նախընտրելի են հոգեբանական վէպերը: «Իւրաքանչիւրիս համար այսօր հերոսներ են Արցախի պատերազմին մասնակցած հայորդիները՝ վկայ համալսարանի բակէն ներս մէկ օր առաջ տեղադրուած յիշատակի եւ խոնարհումի յուշարձանը», ըսաւ ան:

Ներկաները ողջունեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան, որ առանձնացուց վէպին վերաբերող կարեւոր յատկանիշները: Ան նկատեց, որ վէպը կ՚արտացոլէ ժողովուրդներու գեղարուեստական մտածողութեան մակարդակը, եւ այս առումով պատահական չէ հայ իրականութեան մէջ պատմավէպերու նկատմամբ առանձնայատուկ վերաբերմունքը:

«Կարդալ ինչ որ երբեք չէ գրուած (Վալթեր Պենիամին եւ Յակոբ Օշական)» զեկոյցով լիագումար նիստին խօսեցաւ յայտնի փիլիսոփայ, գրականագէտ, թարգմանիչ Մարկ Նշանեան (Լիզպոն), որ իր կեանքի քառասուն տարիները նուիրաբերած է գրող Յակոբ Օշականի ստեղծագործական բարդ համակարգը վերծանելու: Ան ուշագրաւ զուգահեռներ գծեց գերմանացի հրեայ փիլիսոփայ Պենիամինի եւ Օշականի ստեղծագործական վաւերական գործօններու միջեւ:

«Վէպի ժանրի թարմացման ուղիով» զեկուցմամբ Երեւանի Պետական համալսարանի դասախօս, գրականութեան տեսութեան լաւագոյն գիտակներէն փրոֆ. Ժենիա Քալանթարեան ծանրացաւ ժամանակակից հայ վիպասանութեան նորագոյն դէմքերու յատկանշական կողմերու վրայ:

Իր թարգմանչական գործունէութեան, հայ գրականութեան ընկալումներու մասին արտայայտուեցաւ Հայաստանի մօտ Ուքրայնայի Հանրապետութեան երկարամեայ դեսպան Օլեքսանտր Պոժքօ՝ «Հայ արձակը ձեւերու եւ գաղափարներու խաչմերուկին. թարգմանիչի տեսանկիւն» նիւթով:

«Երկու հանճարեղ գրողներու՝ Ֆ. Տոսթոեւսքիի եւ Յ. Օշականի ստեղծագործական ընդհանրութիւններու, գրական ազդեցութիւններու շուրջ» նիւթով նիստը եզրափակեց Սուրէն Դանիէլեան («Տոսթոեւսքի եւ Օշական. աղերսներ»):

Ապա լսարանային եւ առցանց գիտաժողովը շարունակեց իր աշխատանքը երկու մասնախումբերով՝ «Հայ վիպագրութեան սահմաններուն մէջ» եւ «Գրապատմական եւ տեսաբանական զուգահեռներու մէջ», որոնց ընթացքին քննուեցան վէպի ծագման ու զարգացման, կեանքի եւ վէպի յարաբերակցութեան շուրջ հարցեր: 

Զեկուցումներ կարդացին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ փրոֆ. Աէլիտա Տոլուխանեան («Վէրք Հայաստանի»ն իբրեւ առաջին վէպ հայ իրականութեան մէջ», ՀՊՄՀ), փրոֆեսէօրներ Ալպերթ Մակարեան («Արտադիպաշարային տարրերը Յ. Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները» վիպակին մէջ», ԵՊՀ), Ռուզան Թադէոսեան («Դէպի հայ ընթերցող Լեւ Թոլսթոյի «Աննա Քարենինա» վէպի ճանապարհը», ՀՊՄՀ), Մարտին Կիլաւեան («Պատմութեան հայեցակարգը քրոնոտոպի ընկալման կարեւոր միջոց», ՀՊՄՀ), Ազատ Եղիազարեան («Հայ նորագոյն գրականութեան երկու մեծ վէպերը. Ե. Չարենցի «Երկիր Նաիրի»ն եւ Գ. Մահարիի «Այրուող այգեստաններ»ը», ՀՌՀ), տոցենտներ Աշխէն Ջրբաշեան («Կեանքի արտացոլման ձեւերու էվոլիւցիան վիպական կառոյցներու մէջ», ԵՊՀ), Աշոտ Գալստեան («Հայրապատումի մոտելը խորհրդահայ ինքնակենսագրական վէպին մէջ», ՀՊՄՀ), Նաիրա Խաչատրեան («Տիանա Համբարձումեանի «Կանաչ մարգագետնի հմայքը» վէպի պարունակներուն մէջ», ՀՊՄՀ), Արմենուհի Մուրատեան («Ստ. Ալաճաճեանի վէպերն իբրեւ փաստագրական վկայութիւն», ՀՊՄՀ), Դաւիթ Մոսինեան («Վէպի աւարտ. պատումի եւ կեանքի սահմանին», ՀՊՄՀ), Քնարիկ Աբրահամեան («Նամակն իբրեւ հայ վէպի ժանրակազմիչ տարր (ազդեցութիւններ)», ՀՊՄՀ), բ.գ. թեկնածուներ Սեւան Տէյիրմենճեան («Զոհն ու վկան՝ Զաւէն Պիպէռեանի «Լկրտածը» վէպէն, Իսթանպուլ), Նոնա Դաւթեան («Վերյուշը սփիւռքահայ վէպին մէջ», ԱրՊՀ), պ.գ.թ. Վարդան Մատթէոսեան («Կոստան Զարեան, Լորընս Տարրէլ եւ տարագրութեան դրախտավայրը», Նիւ Եորք), ՀՊՄՀ հայցորդներ Աննա Սարգսեան («Զապէլ Եսայեան. վիպական մտածողութեան հարցեր»), Նելլի Թադէոսեան («Ինքնակենսագրական ժանրի դրսեւորումը Վ. Շուշանեանի արձակին մէջ»):

Գիտաժողովի աշխատանքները ամփոփեու ժամանակ Սուրէն Դանիէլեան ընդգծեց յատկապէս նիւթերու բովանդակային կողմը: Վէպը հայ գրականութեան ամենէն դժուար տեղամասն է: Եւ տարբեր պատուհաններու առկայութիւնը խիստ կարեւոր է: Միաժամանակ գնահատուեցաւ ժանրի թռիչքը 20-րդ դարուն: Եւ սա կը վերաբերի նաեւ արեւմտահայ հատուածին, որ Պոլիսի օրինակով ցոյց տուաւ այդ թռիչքը. անցեալ դարու 20-ականներու ամլութեանն ու տրոհումին՝ ամերիկահայ, ֆրանսահայ, Մերձաւոր Արեւելքի գրական օճախներ, յաջորդեց յետպատերազմեան շրջանի անակնկալ վերելքը, ուր Պոլիսը իրեն վերադարձուց յառաջատարի դիրքերը: Արեւելահայ վէպը նոյնպէս նոր սահմաններ նուաճեց: Այսօր ալ հարստացուցիչ երակները շատ են:

Սուրէն Դանիէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց զանազան երկիրներու եւ Հայաստանի գիտակրթական հաստատութիւններու մասնակիցներուն, Մանկավարժական համալսարանին, Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտի ամպիոնի դասախօսական կազմին, ունկնդիր ուսանողութեան, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք ամբողջացուցին մեր պատկերացումները վէպի մասին, ընկալումներու նոր պատուհաններ բացին, իսկ սա ամենամեծ նուաճումն է: «Պահենք մեր մտածողութեան ինքնութիւնը. հայ վէպի զարգացման ուղենիշը թերեւս սա է», եզրակացուց ան:

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021