ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու նախարարները տակաւին քանի մը օր առաջ Մոսկուայի մէջ կարեւոր բանակցութիւններ վարած էին՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ։

Մոսկուայի քննարկումներուն ի շարունակութիւն, Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Սերկէյ Շոյկու երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Երեւան-Մոսկուա օրակարգի այժմու հրատապ հարցերուն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ռազմավարական դաշնակից երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները երէկուան զրոյցի ընթացքին քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Այդ կացութիւնը հարթելու շուրջ նախորդ օրերուն Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ճանապարհներուն վրայ կանգ առին Յարութիւնեան եւ Շոյկու, երբ մայիսի 12-էն ի վեր Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերէն ներս սահմանային իրավիճակը լարուած է եւ Ատրպէյճանի կողմէ եւս վեց հայ զինուոր գերեվարուած։

Յարութիւնեան եւ Շոյկու երէկ խօսեցան նաեւ Հայաստանի բանակէն ներս սկիզբ առած բարեփոխումներու հիմնական ուղղութիւններուն, Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահներու  առաքելութեան ընթացքին շուրջ։ Նախարարները կանգ առին նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան հիմնախնդիրներուն վրայ եւ կարծիքներ փոխանակեցին զանոնք դիմակայելու ուղղեալ միասնական գործողութիւններու շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021