ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹՈՒՐՔԻԱ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Վարչապետի պաշտօնին կոչուելէ վերջ առաջին անգամ Անգարա կը փութայ Իրակլի Ղարիպաշվիլի, որ Պեշթեփէի համալիրէն ներս պաշտօնական արարողութիւնով կը դիմաւորուի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։

Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին Թուրքիա-Վրաստան յարաբերութիւնները աչքէ կ՚անցուին բոլոր չափումներով։ Կողմերը կը քննարկեն այն բոլոր քայլերը, որոնց շնորհիւ կրնան ա՛լ աւելի զարգացուիլ կողմերու բարիդրացիական յարաբերութիւններն ու ռազմավարական գործընկերութիւնը։

Երկկողմանի օրակարգի նիւթերուն առընթեր, Անգարայի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւններուն միջեւ կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան տարածքաշրջանային կամ միջազգային բնոյթով արդի իրադարձութիւններուն շուրջ։

Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին յաջորդած ներկայ փուլին Հարաւային Կովկասէ ներս տարածքաշրջանային նոր իրադրութիւն մը ստեղծուած է։ Հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման նպատակով գործընթաց մը յառաջ կը տարուի զանազան ուղղութիւններով։ Թէեւ, ըստ երեւոյթին, առաջին հերթին Հայաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա-Ռուսաստան առանցքին կը վերաբերի այդ բոլորը, սակայն հաւանական նորութիւններէն ուղղակիօրէն կրնան ազդուիլ այլ բազմաթիւ երկիրներ՝ առաջին հերթին Վրաստանն ու Իրանը։

Երեքշաբթի, Յունիս 1, 2021